ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Երեսփոխանական ընտրութիւնները եղան ու անցան:
Այսպէս` ընտրութենէ ընտրութիւն բարեսիրական եւ բարեգործական նախաձեռնութիւնները թափ կ՛առնեն: Ընտրութիւններէն ետք կ՛ամայանայ հրապարակը, կը շոգիանան նպաստներ բաժնողները, կը կորսուին բարեգործական նախաձեռնութիւնները:
Բնականաբար, կը բացայայտուի, որ անոնց նպատակը ո՛չ բարեգործութիւնն էր, ո՛չ բարեսիրութիւնը, ոչ ալ ուրիշ բան: Նպատակը քուէ գողնալն էր: Կաշառք բաժնելը, խաբելը, սուտ խոստումներ տալը:
Ընտրութիւնները անցեալ են արդէն:
Եւ ահա մեր շուրջ կայ խաբուածներու մեծ բանակ մը, որ խորքին մէջ խաբուած ալ չէ, այլ, այսպէս կոչուած` «ճարպիկներ» են, որոնք կրնան յաճախել մեր ակումբները, կրնան օգտուիլ մեր բոլոր բարիքներէն, բայց տեղին` իբր թէ, իրենց «ըսելիք»-ը ունին:
Ո՛չ սիրելիներ:
Մենք ո՛չ այդ խաբուածներուն քուէներուն կարիքն ունինք, ոչ ալ մոլորեցնող ձեր խօսքերուն: Մենք պիտի շարունակենք մեր ծառայութիւնները ո՛չ թէ գալիք տարիներուն, այլ այնքան ատեն որ լիբանանահայութեան սիրտը կը տրոփէ, այնքան ատեն որ լիբանանահայութիւն գոյութիւն ունի իբրեւ սփիւռքի կեդրոն:
Մենք` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, իր ուղեկից միութիւններով եւ համաշխարհային ցանցով, այս գաղութը ոտքի պահելու, վերանորոգուելու, զօրանալու, բոլորին հասնելու որոշում տուած է: Այս մէկը խօսք չէ: Այս մէկը փաստ է, որուն լաւագոյն ապացոյցը այն է, որ ժողովուրդը մեր կողքին է միշտ: Ժողովուրդը ո՛չ կաշառքով, ո՛չ դաւաճանութեամբ, ո՛չ բամբասանքով, ոչ ալ կիրքով ու ոխով կը ծախէ Դաշնակցութիւնը: Ընդհակառակը, փաստօրէն, հազարաւոր հայորդիներ մնացին հաւատարիմ այս կուսակցութեան տուած բարիքներուն: Մնացին հաւատարիմ այս կուսակցութեան ստանձնած առաքելութեան: Մնացին հաւատարիմ այս կուսակցութեան կատարած գործունէութեան` անցեալէն մինչեւ օրս անընդմէջ:
Մենք տակաւին հո՛ս ենք:
Մեր դռները բաց են բոլորին դիմաց:
Մենք մեր ժողովուրդին կողքին էինք, ենք ու պիտի մնանք:
Պատահական, պարբերական, եղանակային եւ ընտրական ներկայութիւն չե՛նք:
Մեր դպրոցները, միութիւնները, դարմանատուները, ընկերային ծառայութեան կեդրոնները, ակումբները եւ մեր կուսակցական ցանցը պատրաստ է միշտ մեր ժողովուրդին կողքին մնալու, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իսկապէս արժանի է ոչ միայն այս բոլորին, այլ շատ աւելիին:
Լաւապէս թող գիտնան մեզմէ հեռու եւ մեզի մօտիկ այն բոլոր խմբաւորումներն ու անհատները, որոնք մեր կազմակերպական ուժով մտահոգ են եւ կասկածով կը մօտենան մեզի, որ մենք այս գաղութին տէրն ենք ու պիտի մնանք: Մենք մեր գործով փաստած ենք մեր ուղին: Ժամանակն ալ ցոյց կու տայ` ո՛վ կը մնայ, եւ ո՛վ` կու գայ ու կ՛երթայ: