ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 90-ԱՄԵԱԿ
Յովհաննէս Թումանեանի մահուան 90-ամեակին առիթով, երէկ` Ուրբաթ, 7 Յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հ.Կ.Մ.-ի «Արարատեան» սրահին մէջ վարժարանի արտադասարանային խումբերու թատերախումբը ներկայացուց «Քաջ Նազար» եւ «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր» թատերգութիւնները, բեմադրութեամբ պրն. Վազգէն Մուղալեանին եւ ներկայութեամբ կրթական պատասխանա-տուներուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն:
Երաժշտախառն թատերական ներկայացումին մասնակից 21 աշակերտները իւրայատուկ բեմական կատարումներով մէկ ժամուան ընթացքին ներկաներուն պարգեւեցին հաճելի թատրոն, արժանանալով ներկաներուն գնահատան-քին:
«Քաջ Նազար»ի եւ «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր» թատերգութիւններուն ընդմէջէն աշակերտները ներկաներուն փոխանցեցին դաստիարակիչ եւ օգտաշատ պատգամներ: Աշակերտներու խաղարկումներուն մէջ բացայայտ էր տաղանդն ու թատերական ծիլերը: Ներկայացումին մէջ հայկական պարերով իր մասնակցութիւնը բերաւ վարժարանի «Շուշի» պարախումբի փոքր խումբերը, ինչպէս նաեւ վարժարանի երգչախումբը:
Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստ, որ նկատեց, թէ թատրոնը աշակերտներու հոգեմտաւոր զարգացման մեծապէս կը նպաստէ եւ ունի մեծ կարեւորութիւն: Մեսրոպեանի տնօրէնը աւելցուց, որ վարժարանի թատերախումբի անդրանիկ ներկայացումը լաւագոյն ապացոյցն է ցոյց տալու, որ եթէ մենք աշակերտներուն նկատմամբ ունենանք վստահութիւն եւ գործակցութիւն, ապա անոնք կը ստեղծագործեն եւ կը բացայայտեն իրենց կարողականութիւնները:
Բեմադրիչ պրն.Վազգէն Մուղալեանին աշխատանքը մեծապէս արժեւորելէ ետք, պրն. Գալուստ յոյս յայտնեց, որ թատերախումբը յառաջիկայ տարեշրջան-ներուն յաւելեալ թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ կ՛արձանագրէ նոր նուաճումներ:
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ