ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի բակին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեանի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Անի Թաշճեան, Ռուբէն Թէնքէրեան եւ Սէրլի Թերզեան: Բարի գալուտի խօսքերէն ծաղիկ դասարաններու աշակերտները երգեցին ֆրանսերէն, արաբերէն եւ հայերէն երգեր:
Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի պատասխանատու տիկին Մարիա Պէօճէքեան, որ նշեց, թէ մանկապարտէզի աշակերտները իրենց երգերով ու պարերով պիտի ուխտեն Մեսրոպեանավայել ոգիով ու նուիրումով շարունակելու պահպանել մեր ազգային, հոգեւոր ու մշակութային արժէքները եւ զանոնք հարստացնել ու զարգացնել: Տիկին Պէօճէքեան հաստատեց, որ երեխաները մանկապարտէզին մէջ սորվեցան աշխատասիրութիւն, յարգանք, սէր Աստուծոյ, հայոց լեզու եւ ազգային արժէքներ:
Տիկին Պէօճէքեանի խօսքէն ետք, իր հայրական պատգամը փոխանեց Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, որ նկատեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակին առիթով, այս հանդիսութիւնը լաւագոյն փաստն է ապացուցելու, որ վարժարանի ապագան փայլուն է ու լուսաւոր: Հայր Եղիայեան մեծապէս գնահատեց վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ ուսուցիչներուն նուիրական ու հետեւողական գործունէութիւնը:
Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահին խօսքին յաջորդեց մանկապարտէզի աշակերտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի 68 շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները:
Հանդէսը շարունակուեցաւ մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու 203 աշակերկտներու կատորողութեամբ ներկայացումներով, որոնց ընթացքին աշակերտները հայկական եւ օտար երգերով, պարերով եւ բեմական կատարումներով արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն: Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու մասնակցութեամբ «Իմ անունը Հայաստան է» խմբերգի կատարումով:
Հանդիսութեան աւարտին, խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ վստահեցուց, թէ այսօրուան շրջանաւարտները վաղը պիտի կերտեն փայլուն ապագան ու Արարատի գագաթին պիտի ծածանեն Եռագոյնը: Պրն. Գալուստ յայտնեց, որ հայ պատանին արժանի է կրթական լաւագոյն միջավայր ունենալու իրաւունքին, եւ վարժարանը պիտի շարունակէ իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնել` ստեղծելու այդ իտէալական միջավայրը: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս հանդիսութեան յաջողութեան:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ