ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿի Նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին, Մինսկի խմբակի համանախագահող երեք պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններու ներկայացուցիչները ողջունեցին Արցախի տագնապի գօտիին մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը՝ կոչ ընելով հակամարտութեան գօտիէն անյապաղ եւ ամբողջութեամբ հեռացնել բոլոր օտար վարձկանները:
Համանախագահող երեք երկրները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին շեշտեցին իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարելու եւ, մասնաւորապէս գերիներու եւ զոհուածներու աճիւններու փոխանակումը իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու վերադարձը ապահովելու եւ շրջանի պատմական եւ կրօնական ժառանգութիւնը պաշտպանելու եւ պահպանելու կարեւրութիւնը:
Անոնք նաեւ յարատեւ խաղաղութիւն երաշխաւորող պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններուն վերադառնալու կոչ ըրին կողմերուն: