ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ Հայաստան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ տեսակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանի հետ։
Նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին Զարիֆ շեշտեց, որ շրջանին մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակի պայմաններուն մէջ, շատ կարեւոր են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները առաւել եւս զարգացնելը ու խորացնելը՝ շեշտելով, որ Իրան Հայաստանը կը նկատէ վստահելի գործընկեր եւ բարեկամ դրացի:
Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ յատկապէս ատրպէյճանի զինուժին կողմէ Հայաստանի տարածքը ներխուժելու փաստին եւ սահմանային իրավիճակին` նշելով, որ Ատրպէյճան իր սադրիչ գործողութիւններով նոր սպառնալիք կը ստեղծէ ամբողջ տարածաշրջանին համար:
Զարիֆ շեշտեց, որ Իրան կողմնակից է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ու կայունութեան ապահովման եւ պատրաստ է կարելի ջանքերը ներդրել այդ ուղղութեամբ: Շեշտելով իր երկրի շահագրգռուածութիւնը` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ամբողջական պահպանման եւ ապահովման հարցին մէջ՝ ան դիտել տուաւ, որ Իրան կարեւոր կը նկատէ յարգանքը միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն նկատմամբ:
Հայաստանի նախագահը եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձան նաեւ հայ-իրանեան երկկողմանի օրակարգին: Զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ տարածաշրջանին առջեւ ծառացած նոր մարտահրաւէրները կը պարտադրեն աշխատիլ երկկողմանի քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու օրակարգը ընդլայնելու ուղղութեամբ:
Փաշինեան եւս Իրանի արտաքին գործոց նախարարին հետ, ի շարս այլ հարցերու, խօսեցաւ վերջին իրադարձութիւններուն մասին: «Վերջին շրջանում որոշակի լարում ունենք Ադրբեջանի հետ սահմանին: Ադրբեջանի զինուած ուժերի ստորաբաժանումները մի քանի հատուածներում ապօրինի կերպով հատել են Հայաստանի սահմանը: Մեր դիրքորոշումը միանշանակ է, որ Ադրբեջանի զինուած ուժերի ստորաբաժանումները պէտք է հեռանան մեր տարածքից: Եւ մենք սրա համար առաջին հերթին քաղաքական-դիւանագիտական ջանքեր ենք գործադրում, նաեւ այն պատճառով, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մեր գործընկերները հէնց առաջին օրերից յորդորում են մեզ, որպէսզի փորձենք հարցը լուծել առաջին հերթին դիւանագիտական-քաղաքական ճանապարհով»:
Փաշինեան յիշեցուց, որ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրին համաձայն՝ Հայաստանի մէջ ռազմական գործողութիւնները կը նշանակեն, որ պատերազմի մէջ կը ներքաշուին նաեւ կազմակերպութեան միւս երկիրները:
Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ նշեց, որ իրենք կ՛ուզեն, որ խաղաղութիւն հաստատուի այս տարածաշրջանին մէջ: «Միշտ ընդգծած ենք տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ ճգնաժամերու խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը: Իրանի Հանրապետութիւնը շատ կարեւոր կը նկատէ միջազգային իրաւունքին նկատմամբ յարգանքը», շեշտեց ան՝ աւելցնելով, որ օր մը առաջ շատ մանրամասն եւ բովանդակալից զրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահին հետ: