ԵՐՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ
Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, Շաբաթ, 16 Փետրուար 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, երրորդ տարին ըլլալով, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքը:
Մրցումին բարի գալուստի խօսքը խմբակին անունով արտասանեց Նայիրա Պաղտասարեան, որ նշեց, թէ նախաձեռնութիւնը նուիրուած է Տինքի յիշատակին, որովհետեւ լրագրողը, Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիրը Հայոց ցեղասպանութեան հարցը հետապնդելու աշխատանքին պատճառով զոհ գնաց անմարդկային ոճիրի մը:
Պաղտասարեան աւելցուց, որ մրցանքի դատական կազմին մաս կը կազմեն պրն. Շահան Գանտահարեան, պրն.Սարգիս Նաճարեան եւ պրն.Ժիրայր Դանիէլեան: Նայիրա Պաղտասարեան հաստատեց, որ մրցանքին մասնակիցները իրենց գրիչներով, իրենց սրտերէն բխած խօսքերը պիտի արձանագրեն թուղթին տողերուն վրայ, ինչպէս որ Տինք ըրաւ:
Ապա դատական կազմին անունով խօսք առաւ պրն.Սարգիս Նաճարեան, որ յայտնեց, թէ մրցանքին երիտասարդներու ներկայութիւնը արդէն գոհացուցիչ ցուցանիշ է եւ քաջալերական քայլ: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր երիտասարդ պէտք է դառնայ նոր Հրանդ Տինք եւ շարունակէ աշխատանքը:
Սարգիս Նաճարեան գնահատեց մասնակից աշակերտներու տնօրէնները, ուսուցիչները եւ ծնողները, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Ան յայտնեց, որ առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտները պիտի ստանան նիւթական նուէրներ, մինչ առաջին հանդիսացող վարժարանը պիտի ստանայ «Հրանդ Տինք»ին նշանակը, որ մինչեւ յաջորդ տարուան մրցանքը կը մնայ շահող վարժարանին մօտ:
Մրցանքի դատական կազմի խօսքէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան խօսեցաւ մրցանքի օրէնքներուն եւ ընթացքին մասին: Ան ըսաւ, որ Ուրբաթ, 1 մարտ 2013-ին տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն վարժարանին հրաւէրով ներկայ պիտի գտնուի «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի պատասխանատու խմբագիր պրն. Սարգիս Սերոբեան:
Ապա ներկաները դիտեցին Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խմբակին պատրաստած Տինքի վկայութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք, մասնակիցները վարժարանի դասարաններուն մէջ գրեցին իրենց շարադրութիւնները:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ