ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆի «ՖԱՐԱՃԵԱՆ» ԼՍԱՐԱՆԻՆՄԷՋ
ՀԱՍՏԱՏԵՑ «ԱԿՕՍ»Ի ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ՊՐՆ.ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին եւ գործակցութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին, Շաբաթ, 2 Մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջտեղի ունեցաւ մամլոյ 78-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Ակօս» թերթնու թաքուն հայերու երեւոյթը», ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ պրն. Վարդան Ադամեանի, Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Սողոմոն Գիլաղպեանի, պատկան մարմիններու, միութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու, տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդի անդամ Մարիա Կարապետեան, որնշեց, թէ «Ակօս»ը հայկական մամուլի իրականութեան մէջ էական դեր ունի, իսկ թաքուն հայերու օրակարգը կը կարօտի ծանօթացման, ուսումնասիրութեան եւ մարտավարութիւններու որդեգրման: Կարապետեան ըսաւ, որնոր սերունդը պէտք է լաւապէս ճանչնայ Թուրքիոյներքին իրավիճակը, հայութեան դժուարութիւնները եւ այս բոլորինմէջճշդէ իր կատարելիք պարտականութիւնները:
Ապա խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու եւ հայագիտական բաժինի պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան, որնշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանի եւ «Ակօս»ի միջեւ գործակցութիւնը ունի կրթական եւ ազգային բնոյթ, եւ վարժարանը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ նպաստելու աշակերտութեան եւ շրջապատին ազգային, հոգեւոր եւ կրթական դաստիարակութեան ու համապատասխան մթնոլորտի ստեղծման:
Պրն. Տէմիրճեան Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»ին եւ «Գ. Նարեկացի» կեդրոնին, ինչպէս նաեւ բոլորանոնց, որոնքնեցուկ կանգնեցան նշեալ ծրագիրին եւ այցելութեան յաջողութեան: Պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան յոյս յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը առիթ կը հանդիսանայ պոլսահայ եւ լիբանանահայ ընկերութիւններու կապերու սերտացման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու կայացման:
Պրն. Սարգիս Սերոբեան իր զեկուցումի սկզբնաւորութեան խօսեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք «Ակօս» թերթի իրավիճակին մասին: Ան նշեց, թէ թերթը սկզբնական շրջանին անցուց ցնցումային հանգրուան մը, սակայն այսօր վերահաստատուած է եւ կը շարունակէ Հրանդ Տինքին սկսած առաքելութիւնը: Պրն. Սերոբեան ներկայացուց համշէնցիներու, Տերսիմի, Ատիամանի, Սասունի, Տիարպէքիրի եւ այլ շրջաններու մէջ ապրող թաքուն հայերու ընկերատնտեսական եւ աշխարհագրական պայմանները, անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու շրջանի իշխանութիւններու հետ ունեցած յարաբերութիւնները:
Ան նշեց, որ համշէնցիները մինչեւ այսօր իրենց լեզուն կը պահպանեն եւ կառչած են իսլամութեան: Այս գծով, զեկուցաբերը իր անհատական այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, փոխանցեց շարք մը վկայութիւններ եւ յուշեր, որոնցմէջ կը բացայայտուի կարգ մը մարդոց իրենց արմատներուն վերադառնալու ցանկութիւնը եւ հակառակ դիտակէտէառկայ վախի մթնոլորտը:
«Ակօս»ի հայերէն բաժինի խմբագիրը նաեւ անդրադարձաւ թաքուն հայերու իսլամացման աշխատանքներու ընթացքին, Պատրիարքարանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններու դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ նշեալ օրակարգի քաղաքական շահարկումներուն մասին: Ան նշեց, որԹուրքիոյ ընկերութեան մէջ հայութեան ինքնութիւնըընդունելի դարձնելու խնդիր գոյութիւնունի, սակայն Տինքին սպանութենէն ետք այս գծով մեծ յառաջխաղացք արձանագրուած է:
Պրն. Սարգիս Սերոբեան ըսաւ.«Թուրքը հայրենասէր չէ եւ երբեք պիտի չըլլայ.կ՛ըսեն, որ եթէ այս երկիրը մենք չենք սիրեր, լքենք: Ես իմ անտառս չեմ վառեր, իսկ դուն (թուրք) որ անտառդ կը վառես, կը նշանակէ որ այս երկիրըչեսսիրեր, ուրեմն, դուն գնա՛: Մնայուն կերպով տեղափոխութիւններու ենթարկուած ժողովուրդները իրենց ապրած տեղերըպիտիչսիրեն, իսկ ես պիտի շարունակեմ խմել Եփրատի ցեխոտջուրը եւ բոպիկպիտի քալեմ Վանայ լիճին շուրջը»: Աւարտին, Սերոբեան հարցումներուն ընդմէջէն նիւթինշուրջ ներկաներուն փոխանցեց յաւելեալ լուսաբանութիւններ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ