Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան եւ վարչապետի նշանակումին նպատակով հանրապետութեան նախագահին հրաւիրելիք երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիններու ճշդումին շրջագիծին մէջ անպաշտօն յայտարարութիւններն ու ապատեղեկատուութիւնները կը շարունակուին:
Այս առումով «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին կայքը հրապարակեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըրպան Պասիլի վերագրուող յայտարարութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ Պասիլի համաձայն, երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի օր` վարչապետ նշանակելու համար նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որուն թեկնածութեան մասին օր մը առաջ անպաշտօն յայտարարութիւն կատարուած էր եւ փողոցը բռնկեցուցած:
Սոյն կայքին կողմէ Պասիլի վերագրուող յայտարարութիւններուն հրապարակումէն անմիջապէս ետք, Պասիլի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ տեղեկութիւնները պաշտօնական յայտարարութիւններ չեն, այլ` զրոյցի մը հիման վրայ կատարուած եզրակացութիւններ, «հետեւաբար անոնք անստոյգ են` իբրեւ տեղեկութիւն եւ իբրեւ մանրամասնութիւն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելի ուշ նախագահական պալատին մօտիկ աղբիւրներ ընդգծեցին, որ վարչապետի ինքնութեան եւ անոր նշանակման խորհրդակցութիւններուն մասին սպրդած տեղեկութիւնները Պաապտայի ծանօթ տեղեկութիւններ չեն:
Նոյն աղբիւրները զարմանք յայտնեցին այդ տուեալներուն վերաբերեալ` մաղթելով, որ մարդիկ աւելի նախանձախնդիր ըլլան եւ այս հոլովոյթը սահմանադրական իր ընթացքէն չշեղեն:
Նշենք սակայն, որ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլի մօտիկ աղբիւրներ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ նախանցեալ գիշեր հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին իրենք պնդած են, թէ կը փափաքին, որ Հարիրի դարձեալ կազմէ կառավարութիւնը` հաստատելով, որ իրենք համաձայն են, որ կառավարութեան երկու երրորդը ըլլան մասնագէտներ:
Խալիլներուն համաձայն, Հարիրի ընդգծեց, որ ինք կը փափաքի, որ այլ անձնաւորութիւն մը կազմէ կառավարութիւնը:
«Հարիրի նշեց նաեւ, որ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ մերժած է վարչապետի պաշտօնը ստանձնել` աւելցնելով սակայն, որ նախկին վարչապետները համաձայն գտնուեցան Մոհամետ Սաֆատիի անուան շուրջ: Հրաժարեալ վարչապետը յանձնառութիւն յայտնեց նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքէն ներկայացուցիչ ապահովելու նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ», յայտնեցին զոյգ Խալիլները:
Ի պատասխան «Էն. Պի. Էն.»-ի հաղորդած այս տուեալներուն, նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի, Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ հաղորդագրութեամբ մը վերահաստատեցին, որ իրենք համաձայն են վարչապետ Սաատ Հարիրիի վարչապետ վերանշանակումին:
Գրեթէ ամիս մը ետք, ժողովրդային շարժումը իր տարողութեամբ շատ աւելի մեղմ էր երէկ` նկատի ունենալով աննպաստ կլիման եւ տեղատարափ անձրեւները:
Սակայն պէտք է ըսել, որ կարգ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս` Թրիփոլիի եւ Պըհսասի, Խալտէի եւ Սաատնայէլի, ցուցարարները բաւական աշխուժութեամբ շարունակեցին իրենց ընթացքը եւ երկար ժամանակի համար փակ պահեցին ճամբաներն ու մայրուղիները:
Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին ցուցարարները ուղղուեցան Քլեմանսօ, ուր անոնք բողոքի ցոյց մը կատարեցին նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատիի բնակարանին դիմաց` մերժելով զայն երկրին յաջորդ վարչապետը նշանակելու հաւանականութիւնը:
Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Զուքի, Ռիատ Սոլհի եւ Ժալ էլ Տիպի մէջ մայրուղիները փակելու ընթացքին ցուցարարներուն եւ բանակին միջեւ արձանագրուած էին բախումներ, որոնց լոյսին տակ կատարուած էին ձերբակալութիւններ:
Հետեւաբար մեծ թիւով ցուցարարներ օրուան ընթացքին ուղղուեցան Սարպայի եւ Ժըմմէյզէի ոստիկանատուները, ուր սպասեցին իրենց ընկերներուն ազատ արձակումին, որ կատարուեցաւ յետմիջօրէին:
Նշենք, որ այս մասին բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակայիններուն դէմ ցուցարարներուն գործած յարձակումներուն պատճառով, բանակը ձերբակալած է 20 հոգի, որոնցմէ ազատ արձակուած են 9 երիտասարդներ, 7-ն տակաւին հարցաքննութեան կ՛ենթարկուին, իսկ 4-ը ղրկուած են զինուորական ոստիկանութեան բաժանմունք` նկատի ունենալով, որ անոնք նաեւ այլ յանցանքներ գործած են:
Երեկոյեան բանակը Զուքի մայրուղիին ու Աշքութի հրապարակին վրայ զետեղեց անցարգելներ եւ քաղաքացիներէն պահանջեց անձնաթուղթեր:
Երկրին մէջ տիրող կացութեան եւ անոր իբրեւ հետեւանք Լիբանանի տարբեր հիւանդանոցներուն մէջ բժշկական իրերուն նուազումին վերաբերեալ բողոքի ցոյց մը կատարեցին գրեթէ բոլոր հիւանդանոցները, որոնց անձնակազմերը` բժիշկներ եւ հիւանդապահներ, հիւանդանոցներուն մուտքերուն կատարեցին բողոքի ցոյցեր եւ զգուշացուցին կացութիւնը այս ընթացքով շարունակելուն ունենալիք վտանգաւոր հետեւանքներէն:
Անդրադառնալով այս իրականութեան` ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը հիւանդանոցներուն յատկացումները փոխանցած է դրամատուներուն:
Միւս կողմէ, դրամատուներու պաշտօնեաներու սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը հաստատեց, որ դրամատուները այսօր եւս փակ պիտի մնան:
Նշենք, որ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասան Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր հրամանատար հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանին թելադրած էր դրամատուներուն ապահովութիւնը երաշխաւորել:
Այդ թելադրանքը եկած էր Դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութեան հետ Հասանի ունեցած հանդիպումին լոյսին տակ:
Նախագահ Աուն. «Ժողովրդային Շարժումին Դրդապատճառներուն Լուծումը Նոր Կառավարութեան Առաջնահերթութիւնը Պիտի Ըլլայ»
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Լորենզէ Կուերինին` ներկայութեամբ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան, Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի եւ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթիի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ մեկնելով երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններէն` Լիբանան կը փափաքի Իտալիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւել եւ ամրապնդել բոլոր մարզերուն մէջ, յատկապէս տնտեսական ոլորտին մէջ:
Նախագահ Աուն դրուատեց իտալական զօրամասին մասնակցութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան, ինչպէս նաեւ իտալական զօրամասին եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն անդրադարձաւ Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւններուն` հաստատելով, որ ժողովրդային շարժումին դրդապատճառներուն լուծումը նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ:
Ան նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տնտեսական տագնապը տասնեակ տարիներու կուտակումի հետեւանք է:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այդ խախտումին լուծումը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել արդիւնաբերութեան մարզին կարեւորութեան վրայ կեդրոնացող կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական փաստաթուղթին գործադրութեամբ:
Նախագահ Աուն ակնարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն` հաստատելով, որ միջազգային ընտանիքը Լիբանանի պահանջներուն բնաւ չէ ընդառաջած: Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը պահանջէ տեղահանուածներու տունդարձը եւ կը մերժէ Եւրոպական խորհրդարանին ներկայացուած այն առաջարկը, որ սուրիացի տեղահանուածները պէտք է միաձուլել զանոնք հիւրընկալած երկիրներու ընկերութիւններուն:
Կուերինի հաստատեց, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը կը զօրակցի Լիբանանին` յատկապէս նկատի ունենալով անոր դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմանները: Կուերինի շեշտեց, որ իտալական զօրամասը պիտի շարունակէ ծառայել հարաւային Լիբանանի մէջ` աւելցնելով, որ Իտալիա եւս կը փափաքի լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները ամրապնդել:
Ան յայտնեց, որ Իտալիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի անկախութեան եւ կայունութեան` աւելցնելով, որ Իտալիա կ՛ըմբռնէ սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ Լիբանանի կեցուածքը եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել տեղահանուածներու թղթածրարին հետեւանքները:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Կուերինին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Քննարկուեցան նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրամասին վերաբերող հարցեր:
Կուերինի այցելեց նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Պու Սաապ իր կարգին ընդունեց Կուերինին, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ընդմէջէն հարաւային Լիբանանի կայունութեան պաշտպանութեան համար:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց իտալական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Էնզօ Վեքիարելլին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Մասիմիլիանօ Սֆորզայի:
Քննարկուեցան երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Կաթողիկէ Պատրիարքներու Եւ Առաջնորդներու Խորհուրդը Կ՛որդեգրէ Արդարացի Պահանջները Եւ Իմաստուն Գտնուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Ցուցարարներուն
Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ առաջնորդներու խորհուրդը երէկ աւարտեց իր 53-րդ տարեկան ընթացիկ նիստը, որ գումարուեցաւ Պքերքէի մէջ` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Խորհուրդը նշեց, որ 17 հոկտեմբերէն ի վեր Լիբանան կը վկայէ պատմական եւ իսկական ըմբոստութիւն մը, որ շրջանցած է համայնքային, յարանուանական եւ կուսակցական ամէն տեսակի պատկանելիութիւն` կառչած մնալով լիբանանեան ազգային պատկանելիութեան:
Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ առաջնորդներու խորհուրդը հանրապետութեան նախագահին կոչ ուղղեց ամէն ջանք ի գործ դնելու` կազմելու համար կառավարութիւնը:
Խորհուրդը որդեգրեց ժողովրդային շարժումին արդարացի պահանջները եւ իմաստուն գտնուելու կոչ ուղղեց ցուցարարներուն` շեշտելով ցոյցերը խաղաղ եւ քաղաքակիրթ բնոյթի մէջ պահելու կարեւորութիւնը:
Պուսթանի. «Պետութիւնը Իր Կարգին Վառելանիւթ Պիտի Ներածէ»
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Նատա Պուսթանի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը վառելանիւթ պիտի ներածէ` աւելցնելով, որ երկրին պայմանները եւ վառելանիւթ ներածող ընկերութիւններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները կը մղեն, որ պետութիւնը վառելանիւթի ներածման որոշում տայ եւ այդ տագնապը լուծէ` առանց պատճառ դառնալու, որ լիբանանցի քաղաքացին վառելանիւթ ստանալու համար յաւելեալ տուրքեր վճարէ:
«Այս էր միակ լուծումը, երբ իմացանք վառելանիւթ ներածող ընկերութիւններուն դժուարութիւնները, հակառակ անոր որ անոնք հիմա կ՛ըսեն, թէ ոչ մէկ հարց ունին: Ամէն պարագայի նախարարութիւնը վառելանիւթ ներածելու առումով իր նուազուրդը առկայ պիտի պահէ, որպէսզի ապագային երկիրը նման հարցերու` պենզինի տագնապի դէմ յանդիման չգտնուի», ըսաւ ան:
Պուսթանի ընդգծեց որ նոր ուղղուածութիւնը այն է, որ լիբանանեան պետութիւնը սկսած է մաս կազմել վառելանիւթ ներածողներուն` աւելցնելով, որ ատիկա վառելանիւթի սակի բարձրացում պիտի պատճառէ:
Իսրայէլ 856,4 Միլիոն Տոլարի Հատուցում Պարտական Է Լիբանանին
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ՄԱԿ-ի մէջ նախանցեալ օր քննարկուեցաւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Իսրայէլի կողմէ նաւթի մնացորդացով լիբանանեան ծովափը կեղտոտելու թղթածրարը, որ արծարծուեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան եւ Չինաստանի կողմէ:
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն, որուն ծիրին մէջ 158 երկիրներ Լիբանանի հատուցման իրաւունքին թեր քուէարկեցին, 9 երկիրներ` դէմ, իսկ 6 երկիրներ ձեռնպահ մնացին:
Ըստ ՄԱԿ-ին, 2014-ին յստակացած է, որ Իսրայէլ 856,4 միլիոն տոլարի հատուցում պարտական է Լիբանանին, իսկ Լիբանան իրաւունք ունի 2014-էն ի վեր այդ գումարին վրայ կուտակուած տոկոսները եւս ստանալու:
ՆՇԵՆՔ, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ ուրբաթ, 22 նոյեմբեր 2019-ին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան` Անկախութեան տօնին առիթով: