Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, երէկ՝ Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոկսուայի ներկայացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հրատարակած «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը: Ձեռնարկը կայացաւ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս եպիսկոպոս Ներսիսեանի օրհնութեամբ: Հանդիսութեան հիմնական բանախօսն էր պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը:
Գիրքին շնորհանդէսի ընթացքին ցուցադրուեցան հատուածներ համանուն ֆիլմէն, որ նկարահանուած 1918թ-ին Նիւ Եորքի մէջ՝ անգլերէնով: Շարժանկարը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսի առաջին փաստավաւերագրական յուշագրութիւններէն մէկը, ուր հեղինակը` ցեղասպանութիւնը վերապրած Արշալոյս (Աւրօրա) Մարդիգանեանը, կը պատմէ աքսորի ճանապարհին իր սարսափներուն մասին:
«Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը արդէն պատրաստ էր, երբ 1918 թուականին Գալիֆորնիոյ մէջ` ամերիկեան «Մեթրօ Կոլտուին Մեյըր» ընկերութեան կողմէ, բեմադրիչ Օսկար Ափֆելը նկարահանած է «Հոգիների աճուրդ» համր շարժանկարը, որ Մեծ Եղեռնի մասին պատմող առաջին գեղարուեստական ժապաւէնն է: Շարժանկարին սենարի հեղինակն ու գլխաւոր դերակատարը ինքը` Արշալոյս Մարդիգանեանն է, որ մեծապէս աջակցած է ինչպէս դերասաններու հագուստներու եւ կերպարներու ստեղծման, այնպէս ալ տեսարաններու ճշգրիտ վերարտադրման աշխատանքներուն: