ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս».- Երեքշաբթի, 18 Սեպտեմբերին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուսական «20-Իլ» օդանաւ մը սուրիական հակաօդայիններու կողմէ զգետնուած է այն միջոցին, երբ անոնք դէմ կը դնէին Լաթաքիոյ վրայ իսրայէլեան չորս «Էֆ.16» ռազմական օդանաւերու կողմէ գործուող յարձակումին։ Սպաննուած են օդանաւին մէջ գտնուող 15 ռուս զինուորները։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու աւելի ուշ յայտնեց, որ հաստատուած է, թէ իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը դիտումնաւոր եւ «անպատասխանատու» կերպով իբրեւ վահան գործածած են ռուսական օդանաւը։
Այլ ռուս պաշտօնատար մը աւելցուց, որ սուրիական ուժերուն կացութիւնը առաւել բարդացուցած է այն իրողութիւնը, որ նոյն պահուն, Միջերկրական ծովուն վրայ գտնուող ֆրանսական մարտանաւէ մը՝ Լաթաքիոյ ուղղութեամբ հեռահաս հռթիրներ արձակուած են:
Շոյկու այս գծով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Իսրայէլի իր պաշտօնակից Աւիկտոր Լիպերմանի հետ՝ շեշտելով, որ նման արարքներ անպատասխան պիտի չմնան։ Ան աւելցուցած է, որ Լաթաքիոյ մօտերը գտնուող ռուսական խարիսխէն ճամբայ ելած օդանաւը կը հսկէր Իտլիպ նահանգի իրադարձութիւնները։
Իր կարգին, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւ յայտնեց ռուսական զինուորական ուժերուն մէջ արձանագրուած զոհերուն համար, միաժամանակ պնդելով, որ այս մարդկային կորուստին պատասխանատուն՝ սուրիական հակաօդայիններուն «անհամաչափ եւ ոչ ճշգրիտ» հակադարձութիւնն է…
Նշենք, որ «Գանձասար»ը, վկայակոչելով սուրիական պատկերասփիւռի պետական կայանին հաղորդումները՝ կը տեղեկացնէ, թէ Լաթաքիա նահանգին մէջ գտնուող սուրիական ռազմական զինապահեստանոցներ 17 Սեպտեմբերի ուշ գիշերը հերթիռային յարձակումի թիրախ դարձած են, եւ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը մէկուկէս ժամ շարունակ դէմ դրած են գլխաւորաբար Միջերկրական ծովէն Լաթաքիոյ ուղղութեամբ արձակուած հրթիռներուն՝ վար առնելով անոնց մեծ մասը: Արձանագրուած են 8-10 վիրաւորներ: