«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան նախագահ Յակոբ Մկրտչեանն է:
-Պարո՛ն Մկրտչեան, նախ անդրադարձ կատարենք Ձեր մասին:
-Ներկայացնելով անձս` ըսեմ, որ մասնագիտութեամբ իրաւաբան եմ: 1975 թուականին աւարտած եմ ԵՊՀ իրաւաբանութեան բաժանմունքը: Դպրոցական տարիներէն սկսած եմ ստեղծագործել, բանաստեղծութիւններ գրել: Այս նախասիրութիւնս սկսաւ ցայտուն դրսեւորուիլ յատկապէս բանակ ծառայելու տարիներուն: Կը զբաղիմ նաեւ լրագրութեամբ. 1992 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ հրապարակած եմ «Կամարակ» պարբերականը, ուր լոյս կը տեսնէին իմ չափածոյ եւ արձակ ստեղծագործութիւններս, քաղաքական-տնտեսագիտական վերլուծութիւնները:
Մէկ խօսքով Հայաստանի մէջ ստացած բազմակողմանի կրթութիւնը զիս հնարաւորութիւն տուաւ ուժերս դրսեւորելու այլ բնագաւառի մէջ:
Մինչ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան մէջ անդամակցիլս, մասնաւոր գրական խմբակ կազմած էի, ուր կը հաւաքուէինք, քննարկումներ կազմակերպէինք մտաւորականներու հետ: 2003 թուականին նաեւ քնարական ժողովածոյի մը լոյս ընծայած եմ, որ «Մարդ արարչական» վերնագրեցի: Այնտեղ ներկայացուցած եմ մարդու զգացումները, խոհերը, ապրումները ծնունդէն մինչեւ մահ: Նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի ժամանակաւոր լիազօր ներկայացուցչական մարմնի հիմնադիր անդամն եմ:
– Կը ներկայացնէ՞ք Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան գործունէութիւնը:
-Նախ ըսեմ, որ սփիւռքի բոլոր համայքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ մէջ շատ կան համայնքային տարբեր կազմակերպութիւններ, հայրենակցական միութիւններ, գրական խմբակներ: Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութիւնը աչքի կ’իյնայ հայոց լեզուին եւ գրականութեան ուղղուած աշխոյժ գործունէութեամբ, ինչն ալ կը նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման: Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութիւնը իր աշխատանքները սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերակերտումէն ետք եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գրական իրադարձութիւններուն համընթաց կազմակերպած է աշխատանքները:
Վերջապէս ստեղծուեցաւ այն կորիզը, որ քանի մը տարի յետոյ պաշտօնապէս Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութիւն կոչուեցաւ: Մեր մօտ յաղթահարուած են ժամանակին եղած կուսակցական եւ միւս բոլոր այն արգելապատնէշները, որոնք կը խաթարեն միութեան գործունէութիւնը: Կարճ ժամանակուան մէջ Սփիւռքի տարբեր համայքներէ, Հայաստանէն գրողներ եւ Լոս Անճելըս ապրող, ստեղծագործող մտաւորականները միաւորուեցան միութեան շուրջ: Ըսեմ, որ միութեան մէջ կանոնաւոր կերպով գրական հանդիպումներ տեղի կ’ունենան, կը քննարկենք մեզ յուզող հարցերը, վեր հանելով առկայ խնդիրները եւ համատեղ ատոնց լուծման համար ուղիներ որոնելով: Պարբերաբար յաւուր պատշաճի գիրքերու շնորհանդէսներ կը կազմակերպենք, կը ներկայացնենք մեր գրողներու աշխատանքները:
Այնպիսի ստեղծագործողներ ունինք, որոնք իրենց գործունէութեամբ պատիւ կը բերեն ոչ միայն Քալիֆորնիոյ, այլեւ Հայաստանի գրական աշխարհին: Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութիւնը արդէն ունի յիսունէ աւելի անդամ: Մեր դռները բաց են բոլոր ստեղծագործ մարդոց առջեւ, կը խրախուսենք յատկապէս հայ երիտասարդներու անդամագրումը միութեան, քանի որ անոնք աշխոյժ չեն այս առումով:
-Իսկ ո՞րն է միութեան գործունէութեան հիմնական առաքելութիւնը:
-Մեր նպատակն է հասնիլ այն արդիւնքին, որ մտաւորականները միշտ ներգրաւուած ըլլան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող կարեւոր իրադարձութիւններուն, հարցեր առաջադրեն, տեսակէտներ հնչեցնեն, որուն շնորհիւ կը խմորուին, աւելի կը մտերմանան հայրենիքին:
Կը փորձենք մասնակցիլ ոչ միայն գրական իրադարձութիւններուն, այլ նաեւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող ձեռնարկներուն: Բոլորովին վերջերս մասնակցեցանք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովին, որմէ շատ գոհ մնացինք: Համաժողովէն ետք հանդիպում կազմակերպեցինք «Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեանի հետ, միտքեր փոխանակեցինք, հարցեր վեր հանեցինք: Հանդիպման ընթացքին Յարութ Սասունեան զեկուցումով հանդէս եկաւ: Գրական կեանքն արդէն սկսաւ մեծ թափ ստանալ 2004 թուականին, երբ միութիւնը պետական գրանցում ստացաւ, եւ ի պաշտօնէ կոչուեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութիւն: Արդէն այն ձեռքբերումը ունինք, որ ամէն ամսուան առաջին հինգշաբթի օրը Կլենտէլի հանրային գրադարանին մէջ մեզի հնարաւորութիւն տրուած է հանդիպում ունենալու տեղի հայութեան հետ, լսելու անոնց առաջարկներն ու կարծիքները: Այս ամէնով կը ցանկանք հայկական արուեստը ճանաչելի դարձնել աշխարհասփիւռ հայերու լայն շերտերուն:
-Պարո՛ն Մկրտչեան սփիւռքի մտաւորականները որքանո՞վ կ’արձագանգեն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:
-Անկասկած պէտք է ըսել, որ սփիւռքի մտաւորականները միշտ հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով, սրտացաւ վերաբերմունք ունին եւ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ կը փորձեն օգտակար դառնալ հայրենիքին: Այժմ բոլորը ուշադրութիւն սեւեռած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին վրայ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս շարք մը ձեռնարկներ նախատեսուած են իրականացնելու. Պիտի ոգեկոչենք Եղեռնի ժամանակ նահատակուած բանաստեղծներէն Գրիգոր Զոհրապի, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի եւ Ռուբէն Սեւակի յիշատակը:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեանը