Ֆրանսայի վարչապետ Յուլիս 4-ին Մանուէլ Վալսն Արֆորուիլ քաղաքի մէջ բացումը պիտի կատարէ Գէորգ Արաբեանի անուան վարժարանը: Այս մասին, յղում կատարելով “Nouvelles d’Armռnie” պարբերականին, կը գրէ` նշելով, որ վերջերս Լը Ռենսի մէջ մանկապարտէզի եւ յառաջիկային “Դպրոցասէր” լիցէի բացումէն ետք, հիմա Փարիզի արուարձանի մէջ ուշադրութեան կեդրոնին կ’ըլլայ նոր վարժարանը:
Շինարարական աշխատանքները սկսած են երկու տարի առաջ: Նախագիծի գլխաւոր հովանաւորը` 84-ամեայ ձեռներէց Գէորգ Արաբեանը, որ 1987 թուականին Լիբանանէն փոխադրուած է Ֆրանսա, անգամ մը յայտարարած է, որ գումար աշխատիլը շատ դժուար է, բայց աւելի դժուար է զայն արդարութեամբ ծախսելը:
“Ուրախ եմ, որ ինծի հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի դպրոց ստեղծել, քանի որ այդ բոլոր երեխաները Ցեղասպանութեան զոհերու սերունդներն են եւ կրնան սորվիլ իրենց նախնիներու լեզուն: Անիկա չափազանց կարեւոր է, քանի որ կ’ապացուցէ, որ մեր ժողովուրդը դեռ գոյութիւն ունի”,- նշած է ան: