Յարօ Բուրեան ծնած է Պէյրութ, 1949ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սահակ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ եւ անոր կից Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երգած է փոքր տարիքէն։ Երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը, Սեպուհ Աբգարեանի օրով։ Ան այս կեանքէն չհեռացած՝ լսելով Սեպուհ Աբգարեանի մահը, շատ նեղուած է, չգիտնալով որ նախախնամութեամբ ինք ալ այս աշխարհէն պիտի մեկնէր Օգոստոս ամսուն։
1970ին, 18 տարեկան հասակին, «Casino Du Liban»ի օտար երգերու մրցանակը շահած է, եւ այդ պատճառ եղած է, որ Յարօն ընտրէ իր սիրած ասպարէզը՝ երգը։
20 տարեկանին Յարօն արդէն արհեստավարժ երգիչ մըն էր։ Իր ասպարէզին բերումով ան այցելած է Եւրոպայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի երկիրները եւ կազմակերպուած երգահանդէսներուն երգած է անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, իտալերէն եւ պարսկերէն լեզուներով։ Զինք ճանչցողները զինք անուանած են Միջին Արեւելքի Tom Jones-ը։
Յարօն ունէր ունկնդիրը գրաւող եւ հմայող իւրայատուկ «քարիզմա» մը: Ան Սփիւռքի մէջ հայ երգը վառ պահող երգիչներէն ըլլալով, իր երգացանկէն եւ շունչէն միշտ անբաժան պահած է հայ երգը: Ան հայ երգը առաջին անգամ ըլլալով երգած է Պուէնոս Այրեսի շքեղ դահլիճի մէջ։ Գրած է «Մնանք Հայ» նշանաւոր երգը, որ Ուրուկուէյի հայկական դպրոցին քայլերգը եղած է.
Մնանք Հայ
Ես համեստ մի երգիչ եմ,
Շրջել եմ շատ երկիրներ,
Թողել եմ իմ տունը ջերմ՝
Երգելու երգն Հայերէն։
Սիրում եմ իմ հայ ազգին,
Աղօթում եմ բոլորին,
Եւ ուզում եմ տարածել
Հայ երգը ողջ աշխարհին։
Մենք ցիր ու ցան աշխարհում
Հեռաւոր երկիրներում,
Պանդուխտ ու թափառական
Կարօտ սրտով յաւիտեան։
Մենք երգենք միշտ հայերէն,
Աղօթենք միշտ հայերէն,
Չմոռանանք հայ լեզուն
Որ մնանք միշտ հայ, հայ, հայ…
Տանում է ինձ, տանում է,
Երգս հեռու երկիրներ,
Գնում եմ ու ետ նայում
Փնտռելով միշտ հայերին,
Ու երբ տեսնեն ինձ հայեր,
Ծարաւ սրտով հայ երգին,
Համբուրում են ջերմագին
Լսելով իմ երգերին։
Շատ խօսքեր կան իմ բերնում,
Շատ երգեր կան իմ սրտում,
Միայն մէկ բան ասեմ
Խնդրում եմ որ ինձ լսէք,
Հեռու ենք մենք հայերս,
Բայց սրտով միշտ մօտիկ,
Ըլլանք մէկ սէր միութիւն
Օտարներ մեզ չխլեն։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ան մեկնած է Պարսկաստան, ուր ապրած է 10 տարի, որմէ ետք փոխադրուած է Լոս Անճելըս։
Ան ամուսնացած է 1988ին, Լոնտոնի մէջ, իր կեանքի ընկերոջ՝ Վարդուկի հետ, եւ բախտաւորուած են երկու մանչ զաւակներով՝ Շանթ եւ Ալեքս։ Յարօն իր երկու զաւակները դաստիարակած է հայկական շունչով, որոնք դարձած են պարկեշտ եւ աշխատասէր անձնաւորութիւններ։ 1988էն մինչեւ իր կեանքի վերջը ապրած է Լոնտոնի մէջ։
1973-1980 թուականներուն ապրած է Պարսկաստան։ Արժանի եղած է թագաւորի շքանշանին: Երգահանդէս տուած է Demis Rusos-ի հետ Պարսկաստանի մէջ։
Ան իսկական հայասէր անձ մը ըլլալով՝ երգած է կուսակցութիւններու, հայրենակցական միութիւններու եւ հայ վարժարաններու ձեռնարկներուն:
Իր յիշատակը թող անթառամ մնայ յաւիտեան: