Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, քուէյթահայ ծանօթ ազգային, մտաւորական տիար Կիրակոս Գույումճեանի բնակարանին մէջ, ի ներկայութիւն Քուէյթի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Մանուէլ Պետէյեանի, Քուէյթի ազգային վարժարանի ուսանողուհի օրդ. Սերլի Թովմասեանի եւ անոր ծնողներուն, տեղի ունեցաւ 2017 կրթական տարեշրջանի «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակին տուչութիւնը:
Տիար Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ հաստատուած այս մրցանակը կը յանձնուի Քուէյթի պաքալորիայի պետական քննութիւններուն բարձրագոյն նիշ ապահոված ուսանողին:
«Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը հաստատուած է 2012-2013 կրթական տարեշրջանի սկիզբը:Նոյն թուականին, մրցանակին արժանացած է Յովսէփ Աբգարեանը, իսկ 2014-2015 տարեշրջանին՝ Ցոլեր Գալայճեանը:
Տիար Կիրակոս Գույումճեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց մրցանակակիր Սերլի Թովմասեանը, ուսումնական ասպարէզի մէջ անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: Ան մաղթեց, որ խրախուսական մրցանակներու գաղափարը դառնայ վարակիչ, որպէսզի առաւել չափով ուսման ծարաւ հայ ուսանողներ հետեւին բարձրագոյն կրթութեան:
Խօսք առաւ դեսպան Մանուէլ Պետէյեանը, փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները եւ գնահատեց հայ ուսանողը խրախուսելու տիար Կիրակոս Գույումճեանի մարդասիրական ոգին:
Սերլի Թովմասեան երախտագիտութիւն յայտնեց մրցանակի հեղինակ տիար Կիրակոս Գույումճեանին եւ խոստացաւ նոյն թափով շարունակել ուսման ճանապարհը:
Ապա տեղի ունեցաւ կոկին հիւրասիրութիւն մը:
Կ’արժէ յիշել, թէ 2018 թուականէն սկսեալ, «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը հասանելի պիտի դառնայ Հալէպի պաքալորիայի պետական քննութիւններուն բարձրագոյն նիշ ապահովող հայ ուսանողներուն: