Մարտ 5-ին Նիւ Ճերսի նահանգի Սփրինկֆիլտ քաղաքի Ազատ հանրային գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Քրիս Պոճալեանի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» գիրքի քննարկումը, armeniangenocide100.org-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ nj.com-ը:
Պոճալեանի ազդեցիկ վէպը այն մասին է, թէ «… ինչպէս առանց ոեւէ մէկը գիտնալուն` կը մահանայ մէկ ու կէս միլիոն մարդ»: Այն ընթերցողին կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը երկու զուգահեռով` այդ ամէնը ապրող
երիտասարդ ամերիկուհիի տեսանկիւնէն եւ իր մեծհօր եւ մեծմօր պատմութիւնները յայտնաբերած` անոր թոռնուհիին: Սակայն մենք կը տեսնենք պատմութիւնը նաեւ ուրիշներու աչքերով, անոնցմէ ամէն մէկը զոհ է իւրովի:
Պոճալեանի մայրը շուէտուհի էր, հայրը` ամերիկահայ: Անոր թէ՛ հայրական եւ թէ մայրակա՛ն կողմի ծնողները ապրած են Ցեղասպանութիւնը. ինչպէս վէպի հերոսներէն մէկը կ’ըսէ` «Դուք բան չէք գիտեր կոտորածի մասին»: