«Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ Նոյեմբեր 10-11 պիտի կազմակերպուի եգիպտահայ գիրքի ցուցահանդէս` Հելիոպոլսոյ Յուսաբեր ակումբի “Լ. եւ Ս. Գարագաշեան” սրահին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ ՙԱրմաւենի՚ կայքը։
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին Եգիպտոսի , Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ, 1888-էն 2012, շուրջ 125 տարիներու ընթացքին տպագրուած աւելի քան 60 հայկական եւ օտար տպարաններէ լոյս տեսած հայատառ 2000 հրատարակութիւններէ աւելի քան 700 նմոյշներ, որոնք հաւաքուած են տասնեակ տարիներու ընթացքին:
«Այս ցուցահանդէսը նուիրուած է հայ գրատպութեան 500-ամեակին եւ նպատակ ունի մեծարելու հայ մշակոյթն ու հայ գրատպութիւնը», ըսած է «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան Ատենապետ բժ. Սուրէն Պայրամեան, որուն անձնական առաջարկով եւ մտայղացումով կազմակերպուած է այս ցուցադրութիւնը: «Ցուցադրութիւնը նաեւ կ’ընդգրկէ գրական բոլոր ժանրերը»: