Շուէտի մէջ այսօր կը յայտարարուի բնախօսութեան եւ բժշկութեան ոլորտի մէջ Նոպէլեան դափնեկիրի անունը եւ այդպիսով կը սկսի Նոպէլեան 111-րդ շաբաթը: Այս մասին կը հաղորդէ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ը:
Սթոքհոլմի մէջ Հոկտեմբեր 9-ին պիտի յայտարարուի բնագիտութեան Նոբելեան յանձնաժողովին որոշումը, Հոկտեմբեր 10-ին` քիմիագիտութեան, Հոկտեմբեր 12-ին Օսլոյի մէջ` խաղաղութեան դափնեկիրին անունը: Տնտեսագիտական մրցանակին յաղթողը պիտի յայտարարուի Հոկտեմբեր 15-ին: Շուէտի ակադեմիան տակաւին չէ յայտարարած գրականութեան ոլորտին մէջ իր որոշման հրապարակման ամսաթիւին մասին, սակայն, աւանդաբար, ատիկա տեղի կ’ունենայ Հոկտեմբերի Հինգշաբթի օրերէն մէկուն ընթացքին:
Նոպէլեան յանձնաժողովը բաղկացած է մշտական հինգ անդամներէ, որոնք իրաւունք ունին փորձագէտներ հրաւիրելու խորհրդակցութեան համար: Նոպէլեան յանձնաժողովները մինչեւ վերջին պահը ոչինչ կը յայտնեն:
2011-ի Նոպէլեան շաբաթը պատմութեան գիրկը անցած էր տխուր միջադէպով, որ տեղի ունեցած էր բնախօսութեան եւ բժշկութեան ոլորտին մէջ դափնեկիրները յայտարարելէ 3 ժամ անց: Մրցանակակիրներ դարձած էին Պրիւս Պոյթլըր (ԱՄՆ), Ժիւլ Հոֆման (Ֆրանսա, Լիւքսեմպուրկ) եւ Ռալֆ Սթայնմըն (Քանատա): Անոնց անուններուն հրապարակումէն ետք Գարոլինայի ուսումնարանի Նոպէլեան յանձնաժողովը պարզած էր, որ քանատացի փրոֆէսըր Ռալֆ Սթայնմըն արդէն երեք օր է վախճանած է: Հիմնադրամը արագ ժողով գումարած էր, քանի որ մրցանակը կրնար ստանալ միայն ողջ գիտնականը: Չորսժամեայ բանավէճերէ ետք` հիմնադրամի կառավարման խորհուրդի անդամները որոշած էին չվերանայիլ Նոպէլեան յանձնաժողովին որոշումը: