ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ
«ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔԵՐ՝ ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ ՏԵՍԱՅ»
(ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ)
Ահաւասիկ, արդէն գրասէրներու սեղանին վրայ է դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի երկրորդ գիրքը: Առաջինը՝ «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը«ն էր՝ լոյս տեսած 2010-ին, Պէյրութ: Հայ մամուլին մօտիկ կանգնած ընթերցողներու համար անծանօթ անուն մը չէ ան, որովհետեւ յաճախ իր ստորագրութիւնը կ’երեւի տարբեր առիթներով՝ տարբեր թերթերու մէջ: Բոլորին կողմէ ընդունելի եւ հաճելի հիւրընկալութիւն մը՝ իր արծարծած նիւթերով, լեզուի եւ ոճի մատչելիութեամբ եւ գաղափարներու աշխարհով: Ան արդէն գեղեցիկ աւանդութեան վերածած է իր գրութիւնները հաւաքել մէկ կողքի տակ եւ զանոնք գէթ փրկել մամուլի խունացող եւ ապերախտ էջերէն. ուրեմն՝ այս նորատիպը՝ «Սփիւռքահայ Կեանքեր՝ Ինչպէս Որ Տեսայ» իր անխախտ համոզումին արգասիքն է արդարեւ:
550 էջերէ կազմուած այս հատորը, հեղինակին 2011-էն 2017 թուականներուն գրած յօդուածներուն ժողովածոն է: Անոր խմբագրումն ու համադրումը վստահուած է իր տիկնոջ՝ դոկտ. Արտա Ճէպէճեանին, որ իր «Խօսք»ին մէջ կը գրէ. «Պրպտող միտք, անխոնջ ուժ, անսպառ խանդ եւ իւրայատուկ ընձեռում կ’արտացոլայ իւրաքանչիւր յօդուածի ընդմէջէն՝ միշտ բարձրը, լաւը, ճիշդը, դրականը, յուսադրիչը եւ քաջալերականը, լուսարձակի տակ առնելու համաշխարհային հայուն ներդրումը համահայկականութեան զարգացման, վերելքին, նուաճումներուն եւ գոյատեւման մէջ»: Գիրքի սկիզբին կան վկայութիւններ նախորդ հատորին մասին՝ արձանագրուած ծանօթ անձերու կողմէ՝ Հրանուշ Յակոբեան, տոքթ. Թորոս Թորանեան, Յովսէփ Նալպանտեան, Ռոպէր Հատտէճեան, Վեր. Վահան Թութիկեան, Ռոպերթ Ամիրխանեան, Կարպիս Տէր Եղիայեան, Զարմինէ Պօղոսեան, Շահան Գանտահարեան եւ ուրիշներ: «Ներածական» գրութեամբ հատորին շուրջ իր վերլուծականը կատարած է հայրենի հանրայայտ գրականագէտ, «Սփիւռք» կեդրոնի տնօրէն, դոկտ. փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, որ կը նշէ. «Մեր առջեւ ներհուն դիմագիծ պարզած, խորաճանաչ աստուածաբան, Աւետարանի լայնածաւալ ածուներում Մշակի հետագիծ ձգած դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանն է», ապա գիրքը՝ «ընկերային խորունկ հայեացքի ծանրակշիռ, մէկ ամբողջական շնչի ուսումնասիրութիւն է՝ լայնահուն աչք, որ բացուած է ազգային նորօրեայ երկփեղկ կացութիւնների վրայ: Գիրքը գիտնականի ազգային, ընկերային-մանկավարժական, հայկական ծանօթ-անծանօթ տարաշերտ երեսներով մտահոգութիւնների, գրամշակութային մեկնական եւ, ի հա՛րկէ, վեհագնայ քրիստոնէական շահագրգռութիւնների վերելքի դերբուկ ճանապարհն է: Այն հնարաւորութիւն է տալիս ընթերցողին հաղորդակից դարձնելու տեսողութեան նոր հարթութեան»:
Հեղինակը իր գրութիւնները դասաւորած է ըստ ժամանակագրութեան՝ 2011-էն սկսեալ: Տարուէ տարի ընթանալով, կը հանդիպինք բազմաբնոյթ նիւթերու եւ հետաքրքրաշարժ դէմքերու ու դէպքերու: Բոլորը յօդուածներ չեն, դասական իմաստով, քանզի հոն կարելի է գտնել քարոզախօսութիւններ, ելոյթներ, աստուածաբանական եւ քրիստոնէական նիւթեր, մանկավարժական եւ դաստիարակչական մտորումներ: Սակայն, իւրաքանչիւրին մէջէն ընթերցողը նորութիւն մը ունի բացայայտելիք, տեղեկութիւն մը իմանալիք, դրուագ մը չմոռնալիք: Ինքնատիպ աշխարհաճանաչութիւն մը ունի հեղինակը եւ այդ ներկայացնելու իւրայատուկ ոճ մը՝ ձեւին մէջ պարզ, խորքին մէջ՝ ուսանելի: Իր լայնածիր թափառումները, շփումներն ու հանդիպումները վերածած է խոհերու եւ անոնցմէ դաս մը քաղելու, սորվելու եւ ապա՝ գրիչով հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու:
Ընդհանուրը 131 գրութիւններ են՝ 2011-ին՝ 17, 2012-ին՝ 16, 2013-ին՝ 18, 2014-ին՝ 20, 2015-ին՝ 21, 2016-ին՝ 16, 2017-ին՝ 23: Մեծ մասը աշխարհացրիւ հայութեան բեկորներուն ճակատագիրներն են, հայ մնալու եւ հայատրոփ սիրտերով ապրելու ջանքերը: Միշտ կապը պահպանուած է պատմութեան եւ ներկային միջեւ՝ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն՝ վերապրում, կեանքի գոյամարտը յաղթահարելու հայկական անկոտրում ոգի ու կամք: Անձերու ընդմէջէն անցած է հայ ժողովուրդին պարզած մերօրեայ գոյավիճակին՝ լեզու, եկեղեցի, հաւատք, մշակոյթ, լինելութեան ոգի եւ հայրենական իրականութիւն:
1960-ականներուն հայ գրականութեան մէջ սկսաւ թափ ստանալ հետաքրքրական ժանր մը՝ հողմացրիւ հայապատումը ներկայացնել նոր ոճով եւ այստեղ կը յառնի գրագէտ Վահրամ Մավեանի տիպարը՝ «Հայու Բեկորներ»ով, «Ամէն Տեղ Հայ Կայ»ով եւ կամ Վարդգէս Պետրոսեանի «Հայկական էսքիզներ»ը: Կարծէք Հրայր Ճէպէճեան անոնց շառաւիղն է՝ աւելի հրապարակագրական եւ պարզ տողերով: Զգալի է, որ միջին-արեւելեան երկու հայագաղութները մեծապէս ազդած են անոր վրայ՝ Հալէպն ու Պէյրութը: Բայց՝ միշտ կը շեշտէ իր արմատները՝ Այնթապն ու Աւետարանական համայնքին պատկանելիութիւնը: Հեղինակը քիչ մը ամէն տեղ է, ամէն անկիւն ու խորշ՝ Նիկոսիա, Մալթա, Ատիս Ապեպա, Երեւան, Հարաւային Ամերիկա՝ Չիլի, Արժանթին, Պրազիլ եւ Հիւսիսային Ամերիկա (Տալաս, Աթլանթա), Աւստրալիա եւ կը հասնի Ճափոն՝ Հայաստանի դեսպանատուն: Երբեմն՝ Եւրոպա՝ Յունաստան, Փորթուկալ, Սթրազպուրկ, Լեհաստան (Քրաքով, Վարշաւա), Իտալիա եւ Պալթեան երկիրներ (Թալին, Ռիկա). հոն հոգեւոր հովիւն է Տէր Խոսրով քհնյ. Ստեփանեան եւ մտորումներ Հայաստանէն հոն արտագաղթած հայերու ապագային շուրջ եւ դիպուկ վերնագիրը՝ «Լաթվիայէն Հայկական Արձագանգներ. Մէկ Եկեղեցի, Երկու Խաչքար Եւ Երեսունչորս Ճաշարան»…: Գեղեցիկ յօդուած մը էսթոնացի հայասէր նուիրեալի մը՝ Աննա Հետուիկ Պիւլի՝ Ցեղասպանութեան դաժան օրերէն՝ միսիոնարուհիի մը փրկարար առաքելութենէն: Սիտնիի մէջ՝ Մանուկ Տերմիրճեանի հետ: Ան կը հասնի մինչեւ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղեր՝ միշտ լաւատեսութեամբ եւ գոյատեւելու վճռականութեամբ:
Հեղինակը լայնօրէն ծանօթացած է մշակութային, գրական եւ կրօնական ժամանակակից հարցերուն. ջատագովն է համաշխարհային միջ-կրօնական երկխօսութեան, հանդուրժողականութեան եւ խաղաղութեան. կը հասնի մինչեւ Սէուտական Արաբիա, Հարաւային Ափրիկէ, կը տագնապի Արաբական Ծոցի մէջ թշուառ ու տաժանակիր կեանքով ապրող Ծայրագոյն Արեւելքէն ժամանած բանուորներու, զրկեալ պատանիներու եւ հացի համար կեանք մաշեցնող խլեակներու համար (օրինակ՝ Սուրեշը): Ազգային, կրօնական եւ յարանուանական խտրականութեան դէմ է ան յստակօրէն եւ այս գաղափարը կը բղխի քրիստոնէութեան սկզբունքներէն. ան կը գրէ. «Հաշտութեան պատգամը Քրիստոսի ծնունդի նպատակն է, զոր կարելի չէ սակարկել: Քրիսոտս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Աւետիսը՝ աշխարհի համար իր շնորհած հաշտութեան կեանքն է» (էջ 76):
Հեղինակը կը յամենայ Հալէպի եւ Քեսապի միջեւ՝ իր յիշատակներով եւ հօրեղբօր՝ ակնաբոյժ տոքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանի յուշերով. նաեւ՝ Այնթապ՝ իր մեծ հօր զինուորական Աւետիս Ճէպէճեանի պայքարով: Ան կը մնայ պահանջատէր՝ առանց թոյն ու մաղձի, առանց ատելութեան: Ան կը գրէ մահացած անձերու մասին՝ վառ պահելով յիշատակը անոնց (յատկանշական է մանաւանդ նկարիչ Վեր. Արմենակ Միսիրեանը- Արմիս), ինչպէս՝ Վեր. Մանասէ Շնորհօքեան, Սեպուհ Աբգարեան, Սոնա Նաշեան, Ներսէս արք. Պոզապալեան, Ասատուր Տէօվլէթեան, Հերրի Գունտաքճեան, ամմօ Արտօ եւ ուրիշներ: Նաեւ ապրող մարդիկ՝ Ռոպերթ Ամիրխանեան, Քրիս Պոհճալեան, Յովսէփ Նալպանտեան, Ղեւոնդ քհնյ. Աճամեան, Կիրակոս Գույումճեան, Արտեմ Դաւիթեանց, Ճիւան Աւետիսեան եւ ուրիշներ: Յուզիչ է պատմութիւնը Մուսթաֆա Չելեպիի եւ Սաթենիկ Գրիգորեանի (էջ 420): Հետաքրքրական է Միքայէլ Գալաշնիքովի մղձաւանջի մասին (էջ 262), «Սիմոնին Որբին Կարօտը» (էջ 355), Մալթա կղզին եւ հայերը (էջ 102) եւ այլն: Ան հայ մամուլին մօտ ըլլալով՝ սիրտի խօսքերով կ’ողջունէ «Արարատ»ի, «Ազդակ»ի, «Զարթօնք»ի եւ «Արձագանգ»ի յոբելենական ամեակները: Կան հայրենաշունչ խոհեր Վարդանանցի մասին՝ «Վարդանանց հերոսամարտի աւանդը կատարեալին հասնելու աւանդն է նոյնիսկ երբ կայ նահատակութիւն: Նահատակութիւն մը, որ չի մեռնիր բայց կ’ապրի ու կ’ապրեցնէ» (էջ 531): Ոսկան Վարդապետի մասին՝ «Խօսքը կը թռչի, բայց գիրը կը մնայ», «Լատին փիլիսոփայութիւնը կը հաւատար, թէ գիրը իր տպագիր ձեւին մէջ է որ կը մնայ: Եւ մնալը սոսկ գոյութեան համար չէ: Այլ ֆիզիքականէն անդին պատգամը պահելու գիտակցութեանը մէջ» (էջ 510): Ըստ իս լաւագոյն եւ շահեկան գրութիւնը վաստակաւոր դաստիարակ Յովհաննէս Հինդլեանի մասին զեկոյցն է, արտասանուած 2016 Մայիսին, Երեւան (էջ 502-509): Սարդարապատի հերոսամարտի մասին (էջ 165):
Սփիւռքահայոց կեանքերու կողքին, նշանաւոր օտար մարդկանց շուրջ յօդուածներու առընթեր (Մարթին Լուտեր, Գերմանիոյ նախագահ Ճոագիմ Կաուգ), կան աստուածաշնչեան բազում քարոզներ. «Սողոմոն ընկղմած էր ունայնութեան եւ յուսահատութեան մէջ, հոն ուր մարդը անասունի նման կը կորսուի: Բայց կայ իմաստութեան յոյսը: Եւ այս իմաստութեան յոյսի խոստումը կ’իրականանայ երբ մարդ կը հարստանայ Քրիստոսով: Հոն երբ մարդը կը պահուըտի Աստուծոյ քով եւ Քրիստոսի հետ կը շարունակէ իր կեանքը» (էջ 389) («Աստուծոյ Քով Պահուած»):
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան իր բազում շրջագայութիւնները եւ աստուածաշնչեան խոր գիտելիքները ձեռք ձգած է ուսման եւ աշխատանքի բերումով, որոնք եղած են իր կեանքի առաքելութիւնը՝ մարդկային եւ ազգային առումներով: Ան ընդհանուր քարտուղարն է Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան եւ թրծուած հայ քրիստոնեայ ոգիով, ազգային կեանքի գործօն ներկայութիւն եղած Պէյրութի, Հալէպի եւ Նիկոսիոյ մէջ:
Այնուամենայնիւ, գիրքին գրութիւններուն ընդմէջէն կարմիր թելի նման կ’անցնի հայրենասիրութիւնն ու քրիստոնէական ոգին. իրեն համար այս երկու արժէքները անքակտելի միասնութիւն մը կը կազմեն: Անոնց անմնացորդ հաւատացողն ու քարոզիչն է ան: Գրութեանց ընթերցանութիւնը հաճելի կ’ըլլայ նաեւ, որովհետեւ կարճ են եւ կեանքէն քաղուած իրականութիւններ: Բայց ամենակարեւորը՝ հոն կայ լաւատեսութիւն, դրականն ու խանդավառիչը, որ հայը պիտի ապրի, պիտի կառչի իր լեզուին ու հաւատքին, պիտի շինէ ու կերտէ յարատեւօրէն: Ուրեմն՝ ճիշդ հակառակը շահնուրեան մռայլ «նահանջ»ին կամ համատարած յոռետեսութեան եւ յուսահատ տրամադրութեանց մթնոլորտին:
Թող լաւատես մնայ դոկտ. Հ. Ճէպէճեան գրելով, քարոզելով եւ հաւատալով:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ