Երկուշաբթի 9 Դեկտեմբեր 2013-ին առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ացելութիւնը «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար» Կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան անդամները զեկուցեցին Վեհափառ Հայրապետին Թուրքիոյ մէջ մտաւորական ու պետական շրջանակներէ ներս ազգային պահանջատիրութեան գծով իրենց տարած աշխատանքներուն մասին:
Վեհափառ Հայրապետը լսելէ յետոյ պատուիրակութեան կողմէ տրուած տեղեկութիւնները գնահատեց Հայ Ժողովուրդի իրաւունքներուն ձեռքբերման գծով տարուող բոլոր աշխատանքները` միաժամանակ կարեւորութեամբ շեշտելով այս ծիրէն ներս մեր ժողովուրդի ուժերը համախմբելու ու ծրագրուած կերպով մեր ազգային պահանջատիրութիւնը հետապնդելու հրամայականը։