Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի հերթական նիստը: Նիստի աւարտէն ետք ՀՀԿ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, թէ նիստը վարած է ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Նիստի ընթացքին Գերագոյն մարմինի անդամները ամփոփած են նախագահ Սերժ Սարգսեանի կառավարման տասը տարիները:
«Այդ տասը տարիները բարդ, մարտահրաւէրներով լի, բայց միեւնոյն ժամանակ պետականաշինութեան, նախաձեռնող արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ամրապնդման տարիներ էին: Անշուշտ եղած են նաեւ բացթողումներ, թերութիւններ, բայց ակնյայտ է, որ 2008-ի եւ 2018-ի Հայաստանը տարբեր են, թէ՛ ժողովրդավարութեան զարգացման, թէ՛ անվտանգութեան ապահովման առումով, թէ՛ արտաքին նախաձեռնող քաղաքականութեան զարգացման առումով», ըսաւ Շարմազանով:
Անոր համաձայն, նիստի ընթացքին քննարկուած է նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գործունէութեան մէկուկէս տարին:
«Շնորհակալութիւն յայտնած ենք նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր պետականամէտ, ազգային գործունէութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած ենք վարչապետ Կարէն Կարապետեանին այս մէկուկէս տարուան արդիւնքներուն համար», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով վարչապետի թեկնածուին` Շարմազանով նշեց, որ ՀՀԿ Գերագոյն մարմինը սկսած է քննարկումները` ապագայ վարչապետի հարցին հետ կապուած: Ըստ Շարմազանովի, քննարկումները ընթացած են միասնութեան ու համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ, ՀՀԿ Գերագոյն մարմինի բոլոր անդամները առանց բացառութեան ընդունած են վարչապետի թեկնածուի հետ կապուած այն առաջարկը, որ կատարած էր ՀՀԿ փոխնախագահ Կարէն Կարապետեանը:
«Մենք շաբաթ օրը ՀՀԿ խորհուրդի նիստին պիտի ներկայացնենք մեր վարչապետի թեկնածուն: Պարզ է, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ վարչապետի թեկնածուն, եւ քանի որ այլ կարծիքներ չեն հնչած, այլ անուններ չեն հնչած, ոեւէ մէկուն միտքով այլ անուն չէ ալ անցած, բոլորս միահամուռ կը վստահինք Սերժ Սարգսեանին: Երկուշաբթի օր ՀՀԿ-ն պաշտօնապէս Ազգային ժողովին պիտի առաջադրէ վարչապետի իր թեկնածուն, 17 ապրիլին Ազգային ժողովին մէջ մենք պիտի քուէարկենք», ըսաւ ան: