ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Azad Khosk E-Magazine
Սոյն գիրքի յառաջաբանին մէջ, «Ինչո՞ւ այս գրքոյկը» գլուխին տակ, հեղինակը՝ Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան, յատկանշականօրէն կը գրէ. « Հարկաւոր է որ հայ նոր սերունդը խոր գիտակցութեամբ ուսումնասիրէ թէ ինչպէս հայուն դարերու ընթացքին կուտակած դրամագլուխը յափշտակուեցաւ, իւրացուեցաւ 1915-1923-ի Օսմանեան կայսրութեան վերջաւորութեան ու Ցեղասպանութեամբ, ազգի մը կողմէ որ այսօր կ’ուրանայ իր գործած անմարդկային արարքը» եւ կու տայ սպառիչ տեղեկութիւններ «խոջայական կապիտալ»ի, չելեպիներու եւ ամիրաներու մասին, որոնք դարձան նախահայրերը պոլսահայութեան, որոնք զոհ դարձան թուրքին գործադրած Ցեղասպանութեան եւ որոնց հսկայական դրամագլուխը առգրաւուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ:
Երկուշաբթի 11 Յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Կիպրոսի դրամատան մշակութային հիմնարկի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ՝ Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեանի հեղինակած՝ Armenian Bankers in the Ottoman empire արժէքաւոր գիրքի շնորհահանդէսը ի ներկայութեան ուսումնասէր ընտրանի հանրութեան մը, կազմակերպութեամբ Նիկոսիոյ «Մուֆլոն» գրատան: Գիրքը հրատարակուած է Պէյրութի մէջ, 2017-ին:
Գիրքի ներսի կողքին վրայ գրուած ձօնը պերճախօս է. «Այս գիրքը կը ձօնեմ իմ նախահայրերուս՝ աշխարհատարած Պուլտուխենց, Ուրֆալեան, Չատրիկեան, Գույումճեան, Շատարեւեան, Ունճեան, Պոյաճեան, Լուսարարեան, Եղիայեան, Մէյմարեան, Քեհեայեան, Պագալեան, Առաքելեան, Սեֆերեան եւ Սերոբեան ընտանիքներուն, որոնք ժամանակին կ’ապրէին՝ Կիլիկիոյ Ռուբինեան Թագաւորութեան բարձրաւանդակի ամրոցներուն մէջ, որպէս ինքնուրոյն ցեղ մը` զօրավիգ եւ պաշտպան պետական հողատարածքներու: Անոնք բարերարներն էին՝ Կիլիկիոյ Սսոյ սուրբ քաղաքի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Կաթողիկոսութեան, նուիրելով Ս. Սոֆիա տաճարի կաթողիկոսանիստ գահը 1790 թուականին, որ հետագային կազմաքանդուեցաւ, կործանուեցաւ եւ կողոպտուեցաւ օսմանեան թուրքերու ձեռամբ, 1915-ին: Թող անոնց հոգիները ննջեն խաղաղութեամբ»:
Բացման եւ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ «Alkiotis»-ի Հիմնարկի փոխ նախագահուհի, Օրդ. Թաթիանա Տէր Աւետիսեան, որ հմտօրէն վարեց երեկոն, յաջորդաբար բեմ հրաւիրելով օրուան երեք բանախօսները:
Առաջին բանախօսն էր Կիպրոսի Դրամատան Մշակութային Հիմնարկի նախագահ Դոկտ. Սիմէոն Մաթցիս, որ ներկայացուց նշեալ գիրքի հեղինակ, Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեանը:
Արդարեւ, Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Աւարտելէ ետք Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը՝ 1957-ին, հետեւած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի առեւտրական վարչագիտական ու տնտեսագիտական ճիւղերուն ու վկայուած 1964-ին՝ Մագիստրոս վարչագիտութեան վկայականով ( MBA): Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճին մէջ 1969-ին հիմնած է առեւտրական ու տնտեսագիտական բաժանմունքը ու եղած է անոր առաջին ատենապետը: Դասաւանդած է նաեւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի վարչագիտական կաճառը: Դրամատնային գործի ասպարէզը սկսած է 1961-ին, նախ Bank of America-ի մէջ, ապա Chemical Bank-ի եւ Banque Libano-Francaise-ի մէջ: 1985-ին, նշանակուած է Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան փոխկառավարիչ եւ պետութիւնը ներկայացուցած է տարբեր գիտաժողովներուն: 1992-93 տարիներուն, գործակցած է Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակին հետ՝ Պրիւքսէլ, իբրեւ խորհրդատու-փորձագէտ՝ նախկին Խորհրդային Միութեան վեց հանրապետութիւններու մէջ: Հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, ուսումնասիրութիւններու, մասնագիտական հատորներու:
Երկրորդ բանախօսն էր Կիպրոսի Համալսարանի դասախօս Դոկտ. Թոմաս Ալեքսանտըր-Սինքլէր, որ ընդհանուր գիծերու մէջ եւ՝ համապատասխան քարտէսներով եւ պատմական լուսանկարներով, ներկայացուց Մեծն Հայաստանի Բարձրաւանդակի եւ Կիլիկիոյ, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ գաղութներու մէջ ծաւալուած հայ առեւտրական գործառնութիւնները, ինչպէս մասնաւորապէս «Քայսէրի»ի, կամ Կեսարիոյ, Էրզրումի, Վանի, Իսթանպուլի մէջ, մինչեւ Ամսթերտամ, Եգիպտոս, Պարսկաստան, Հնդկաստան եւ այլուր…, ողջունելով միաժամանակ Պրն. Պուլտուքեանի հեղինակած արժէքաւոր գիրքի ուսումնասիրութիւնները, մանաւանդ այնտեղ տեղ գտած՝ բոլոր ամիրաներու, լումայափոխներու եւ սեղանաւորներու ցուցակը, որոնք ի վերջոյ մահուան դատապարտուեր էին թրքական իշխանութեանց կողմէ առ ի գնահատանք իրենց երկրին մատուցած ծառայութեանց…
Ի վերջոյ, բեմ հրաւիրուեցաւ հեղինակը՝ Պրն. Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան, որ հակիրճ ներկայացուց իր գիրքի բովանդակութիւնը, գլուխ առ գլուխ նշելով իւրաքանչիւրին խորագիրը, որ անչափ կարեւոր տեղեկութիւններ կը պարունակէ ինչ կը վերաբերի հայկական ֆինանսին եւ ֆինանսականներու ունեցած էական, գլխաւոր տեղին ու դերակատարութեան օսմանեան կայսրութեան մէջ….: Հայերուս համար ի մասնաւորի , անդարմանելի մեր կորուստներուն անբաժանելի մասը կը կազմէ, անտարակոյս, հայկական կապիտալի կորուստը, որուն մասին այնքան քիչ կ’անդրադառնանք, ինչպէս ըսուած է գիրքին մէջ…: Մենք կորսնցուցինք այդ վիթխարի հայկական կապիտալը կամ դրամագլուխը եւ զայն յանձանձող եւ շրջանառութեան մէջ դնող խոճաները, չելեպիներն ու ամիրաները, որոնք դարձան Ցեղասպանութեան զոհերը, իսկ այդ դրամագլուխը առգրաւուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ:
Ան նշեց որ գիրքը կը պարունակէ յաւելուածական բաժին մը՝ սփիւռքի մէջ գործող անուանի հայ սեղանաւորներու, ինչպէս նաեւ՝ հայ առեւտրական ձեռնարկութեանց 15-րդ դարէն մինչեւ 1915 թուականը, հայ ձեռնարկատէրերու, ամիրաներու, լումայափոխներու, որոնք արխիւային նշանակութիւն ունին որոշապէս:
Ջերմօրէն ողջունելի եւ շնորհաւորելի է Պրն. Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեանը՝ իր այս կարեւոր աշխատասիրութեան համար, որ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէկ կարեւոր երեսը լոյսին կ’ընծայէ ի տես եւ ի լուսաբանութիւն հայ նոր սերունդին եւ համայն աշխարհին, եւ կարեւոր ներդրում մըն է հայ Դատի պահանջատիրութեան գծով մեր ունեցած փաստաթուղթերուն ամբողջութեան: