ԱԺ պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանին պատկանող հանգստեան գօտիին եւ առանձնատան մէջ ԱԱԾ կողմէ իրականացուած գործողութիւններու եւ ատոնց արդիւնքով տեղ գտած բացայայտումներու հանրայնացումէն ետք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան իրենց վրդովմունքն ու խոր մտահոգութիւնը յայտնած են արտերկրի հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ եւ համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Տարբեր երկիրներէ մեր հայրենակիցները տարաբնոյթ տեղեկութիւններ հաղորդած են Մանուէլ Գրիգորեանի ղեկավարած կառոյցին հետ իրենց առնչութիւններու եւ համագործակցութեան ձախողուած փորձի մասին:
Նախարարութեան կողմէ ստացուած տեղեկատուութիւնը, ըստ կարգի, սփիւռքի նախարարին կողմէ փոխանցուած է ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութիւն` օրէնքով ընթացք տալու համար:
ՀՀ սփիւռքի նախարութիւնը, ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւնները համակարգող մարմին, հետամուտ պիտի ըլլայ արտերկիր բնակող հայերուն մտահոգող հարցերուն պատասխաններ տալուն:
Թաւշեայ յեղափոխութիւն իրականացուցած Նոր Հայաստանի մէջ Սփիւռքի նախարարութիւնը հետեւողականօրէն պիտի գործադրէ ամէն ջանք` Հայաստան-Սփիւռք կապերն առաւել սերտացնելու եւ խորացնելու ուղղութեամբ, իսկ Նոր Հայաստանի կառավարութիւնը յանձնառու է, որպէսզի այսուհետ Սփիւռքի աջակցութեամբ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ներդրուող իւրաքանչիւր լուման, իրականացուող բոլոր ծրագիրներն անպայման հասու ըլլան իրենց հասցէատէրերուն, որպէսզի ամէն մէկ լումայ, որն ուղղուած է հայրենիքին եւ բանակին, ծառայէ իր նպատակին:
Կը խնդրենք մեր հայրենակիցներուն վերոյիշեալ գործի առնչութեամբ որեւէ լրացուցիչ տեղեկատուութեան եւ առհասարակ որեւէ խնդրի պարագային դիմել Սփիւռքի նախարարութեան թէժ գիծ` +374 10 589155: