ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ռուսիոյ ռազմական գերատեսչութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի զինուած ուժերու արդիականացման, 11 Օգոստոսին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի հետ Մոսկուայի մէջ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու, որ, ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան,
Ըսաւ հետեւեալը. «Կարեւոր նշանակութիւն կու տանք մեր գործակցութեան զարգացման՝ ռազմական ոլորտին մէջ, թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով եւ թէ ՀԱՊԿի ծիրին մէջ»:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ գտնուող 102րդ ռուսական ռազմական խարիսխը կը հանդիսանայ ապահովութեան երաշխիք: «Հայաստան Ռուսիոյ դաշնակից եւ առանցքային գործընկերն է Անդրկովկասի խաղաղութիւնը ապահովելու գործին մէջ, եւ մենք շատ հետաքրքրուած ենք այդ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանութեամբ», նշեց ռուս նախարարը, ընդգծելով, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ առաւելագոյն ջանքեր ի գործ դնել՝ Արցախի մէջ խաղաղութիւնը ամրապնդելու եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակին խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ:
Իր կարգին, Կարապետեան ներկայացուց Հայաստանի սահմաններուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակը` կարեւոր համարելով իրադրութեան խաղաղ հանգուցալուծման գործին մէջ Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերը: Ան ընդգծեց, որ Հայաստան պիտի չհանդուրժէ իր սահմանային շրջաններուն բռնագրաւումը եւ պիտի ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն` իր տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար:
Կարապետեան անդրադարձաւ նաեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր գործընկերոջ` այս ուղղութեամբ տրամադրուող աջակցութեան համար: Նախարարը նշեց, որ այսօր հայ-ռուսական ռազմաքաղաքական յարաբերութիւնները կը գտնուին աննախադէպ բարձր մակարդակի վրայ տեղափոխուելու հանգրուանին մէջ:
Աւելի ուշ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց Հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Օգոստոսի 11ին պաշտպանութեան նախարարների մակարդակով Մոսկուայում կայացած հայ-ռուսական բանակցութիւնների ընթացքում, բացի պաշտպանական ոլորտում հայ-ռուսական համագործակցութեանն առնչուող օրակարգային հարցերից, հայկական կողմից բարձրացուած եւ առանցքային կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներն են եղել հայ-ադրբեջանական սահմանային իրադրութիւնն ու դրա հանգուցալուծման ուղիները, սահմանային միջադէպերի կանխումը, Լեռնային Ղարաբաղում հրադադարի խախտումների անթոյլատրելիութիւնը եւ, այդ համատեքստում, այնպիսի միջադէպերի բացառումը, ինչպիսին էր, օրինակ, այսօր Ադրբեջանի կողմից Արցախի մարտական դիրքերի վրայ հարուածային անօդաչու թռչող սարքի կիրառումը, եւ հայ ռազմագերիների վերադարձի խնդրի արագ հանգուցալուծումը»։