ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Այս հարցումը ուղղեցի ես ինծի` կարդալէ ետք մեր սիրելի ուսուցիչ Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապի երեք օրերը» նորատիպ գրքոյկը (Երեւան, 2014, «Էդիտ Պրինտ» հրատարակչութիւն, 128 էջ):
Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, Քեսապ շատ ծանր տագնապ մը ապրեցաւ անցեալ տարի` 2014-ի մարտէն մինչեւ յունիս, երբ պահ մը անիկա հայաթափուեցաւ ամբողջովին ու ոտքի կոխան դարձաւ Թուրքիայէն ներթափանցած գրոհային խառնիխուռն ջոկատներու:
Սուրիահայերս, ամբողջ երեք ամիս մեր շունչը բռնած, յուզումով հետեւեցանք Քեսապի դէմ նիւթուած դաւադրութեան ծալքերուն, հայաբնակ պատմական այդ սիրուն գիւղախումբի բնակչութեան տեղահանութեան եւ տարտղնումին, ափսոսացինք մեր նիւթական մեծղի կորուստներուն համար, անիծեցինք մեր բախտը, յետոյ դարձեալ գլխահակ` առանձին մնացինք ու հաշտուեցանք մեր դառն ճակատագրին հետ…
Ի՞նչ անցաւ-դարձաւ Քեսապի մէջ` անցեալ տարուան չարագուշակ մարտ 21-ի արեւածագին ու անոր յաջորդող միւս երկու օրերուն: Հայկական այս խաղաղ գիւղաւանը ինչպէ՞ս ու ինչպիսի՞ դիւրութեամբ գրաւուեցաւ «ժիհատիսթ» զինեալներու կողմէ, ինչո՞ւ դիմադրութիւնը շատ տկար եղաւ կամ գրեթէ անգոյ, հայութիւնը քանի մը ժամուան ընթացքին արագօրէն ու խուճապահար ինչպէ՞ս խոյս տուաւ իր տունէն-տեղէն, ի՞նչ «վերլուծում»-ներ կատարուեցան անցուդարձերուն մասին, փակ վարագոյրներու ետին ինչպիսի՞ բեմագրութիւն մը պատրաստուեցաւ ու կիրարկուեցաւ Քեսապի համար…
Այսպիսի հարցումներու է որ կը ջանայ պատասխանել Յ. Չոլաքեան, որ արդէն Քեսապի ձեռնհաս ու անվիճելի պատմագիրն է, նաեւ` Գարատուրանի հարազատ զաւակն ու մնայուն բնակիչը, եւ վերջին դէպքերու ընթացքին հանդիսացեր էր իր պապենական բնօրրանէն հեռացող ամենավերջին քեսապահայերէն մին:
Այս գիրքը գրելով` ան ուզած է թարմօրէն պատմել իր տեսածները, փոխանցել իր լսածները, թուղթին յանձնել հայրենի տան կորուստին առթած ցաւն ու մորմոքը, շարայարել իր մտորումները, նաեւ մատնանշումներ կատարել մեր սեւ ճակատագրին` մասին, պատմութեան դասերէն վերաքաղներ ընել, երեւոյթներ պարզել, Քեսապի ողբերգութիւնը պատկերագծել` իր գորշ ու թուխ երանգաւորումներով:
Հեզասահ կարդացուող ու հետաքրքրութեամբ ընկալուող վկայագրութիւն մըն է «Քեսապի երեք օրերը», որ գրի առնուած եւ տպագրուած է փութով, արագօրէն, դէպքերու եւ իրադարձութիւններու անմիջական ազդեցութեան տակ:
Հոս, ամէն բանէ առաջ, Քեսապի աշխարհագրութիւնն է, որ կը պարզուի մեր առջեւ` իր հայաբնակ գիւղերով, կանաչապատ լեռնագագաթներով, բլուրներով, հովիտներով, կածաններով ու ծերպերով, սահմանային գօտիներով, շրջապատով: Ընթերցողը մերթ ընդ մերթ դէմ յանդիման պիտի գտնուի Գայաճըգին (Սեւ Աղբիւր), Էսկիւրանին (Ներքի Գիւղ), Տուզաղաճին, Չինարին, Չագալճըգին, Քէրքիւնէին, Էքիզօլուքին, Վերի ու Վարի Պաղճաղազներուն, Գարատուրանին, որոնք Քեսապ աւանի շրջակայ գիւղերն են: Պիտի կարդայ Լեղի Ջուրի մասին (որ սահմանային հովիտ մըն է), յիշատակութիւններ պիտի գտնէ Թեքնեճոքի բարձունքին կամ Խարմանճոյի սարահարթին, Պասիթի, Պետրուսիէի ու Ֆագը Հասանի (ոչ հայաբնակ դրացի շրջաններ) մասին, Տիւնակ, Կաղնուտ եւ Կիւնիկ լեռներուն վերաբերեալ եւ այլն, եւ այլն: Այս բոլոր անունները կը յիշատակուին գրքին մէկ ծայրէն միւսը` Քեսապի ներխուժումին ու յարակից դէպքերու հոլովոյթին հետ զուգահեռ, բայց բարեբախտաբար` ընկերակցութեամբ երկու գունաւոր քարտէսներու, որոնք մեծապէս կը դիւրացնեն ոչ քեսապցի ընթերցողին ընկալումը:
Չոլաքեան, առաջին իսկ վայրկեանէն, իր դառնութիւնը չի ծածկեր աղէտին դիմաց: Ան կը գրէ.
– Աղէտը երեք տարիէ ի վեր կ՛ահազանգէր: Ժողովուրդը նախապատրաստութեան համար հաւաքական կեցուածք կը պահանջէր, մասնակից ըլլալ կ՛ուզէր ինքզինք պաշտպանելու գործին, միջոցներ կը փնտռէր: Դուրսէն եկած «հաւաստիացումներ»-ով օրօրուեցանք ու անսակարկ հաւատարմութեամբ սպասեցինք եւ ինկանք այս օրուան, այսինքն ինկանք մեր խուճապահար փախուստին ականատես ըլլալու անցանկալի դերին մէջ (էջ 10):
Այս եւ նմանօրինակ ուրիշ տողեր յստակօրէն կը մատնեն արդէն քեսապցի հեղինակին համոզումներն ու աշխարհայեացքը. ան կողմնակից ըլլալ կը թուի ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ այլընտրանքին ու մերժելով կը մերժէ, որ քեսապցին տուն ու հող լքած` փախուստի դիմէր…
Ինքնապաշտպանութիւն` այո՛, բայց ինչպէ՞ս, ինչպիսի՞ միջոցներով:
Լիբանանի մէջ, առ ի չգոյէ կեդրոնաձիգ ուժեղ պետութեան մը, մեր թաղերը կը պաշտպանէինք մե՛ր իսկ տղոցմով ու արիւնով, Արցախի մէջ մեր թիկունքին կային Հայաստանն ու իր պետութիւնը, իսկ օսմանեան շրջանի իրերայաջորդ աղէտներուն (1894, 1909, 1915)` մեր ափերը երբեմն կը տաքցնէինք Խրիմեան Հայրիկէն ժառանգուած «երկաթէ շերեփ»-ներով…
Իսկ հո՞ս: Վիճակը ա՜յլ էր բոլորովին: Շատ փափուկ ու վտանգալից էր կացութիւնը ու կը պահանջէր վերին աստիճանի շրջահայեցութիւն եւ զգօնութիւն:
Որսորդական հրացանները կրնայի՞ն գործ տեսնել: Եւ կամ` խելացութի՞ւն էր ընդառաջել կարգ մը շրջանակներու առաջարկին ու ատակ տղոց ձեռքը տալ 60-100 փամփուշտով քալաշնիքովներ… Ազգային պատասխանատուներ, իրաւամբ, «արկածախնդրութիւն» կը տեսնէին ատոր մէջ ու կ՛աշխատէին առկայ տագնապին դիմաց որդեգրել լիբանանեան տիպի «դրական չէզոքութիւն» մը (տե՛ս էջ 33-34): Ամէն պարագայի, ինքնապաշտպանական յստակ ծրագիր մը չէր գոյանար, անոր կարելիութիւնները կը մերժուէին (էջ 46-48):
Ըստ Չոլաքեանի, ամէն ինչ կը սկսէր մարտ 21-ի կանուխ առաւօտուն, երբ թրքական հրթիռ մը կը պայթեցնէր Քեսապի հիւսիսային սահմանի Թեքնեճոքի սուրիապատկան ոստիկանատունը: Անկէ ետք, հրասանդի արկերու ու հրթիռներու տեղատարափ մը կը սկսէր չորս ուղղութիւններէ` Պաշորտի (Գարատուրանի հիւսիսը) թուրք սահմանապահ զօրակայաններէն, Ճեպել Զահիէէն (Քեսապի հարաւ-արեւելքը գտնուող բարձր գագաթ), Տուզաղաճի սահմանադրան մօտակայքէն եւ Ջորեակի լեռնէն (Սեւ Աղբիւրի ու Ներքի Գիւղի միջեւ): Սարսափը ընդհանուր կ՛ըլլար ու կը վարակէր բոլորը: «Ամէն ոք իր տնեցիները հաւաքած, փախուստի կը դիմէ` ալ ինչով որ պատահի, սեփական ինքնաշարժ, թրաքթոր, սիքլեթ, փիքափ: Բոլորը փախուստի կը դիմէին դէպի Էքիզոլուք» (էջ 20): Ու հոնկէ` դէպի Լաթաքիա: «Քառասուն-յիսուն վայրկեանի ընթացքին Էքիզոլուքէն անցած էր Քեսապի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը` շուրջ 4000 հոգի»:
Բնաւ յայտնի չէ եղած, թէ յարձակող զինեալները քանի՛ հոգի էին: Բայց անոնք իրենց ներխուժումը անուանած էին «Մա՛արաքեթ ալ-Անֆալ», որ կը միտէր (իբր թէ) Քեսապի վրայով իջնել դէպի հարաւ ու գրաւել ծովափնեայ շրջանները… Այդպիսի բան չպատահեցաւ անշուշտ: Մարտերը դուրս չելան Քեսապի շրջանակէն:
Բնակչութեան փախուստէն ետք, ինչպէս սովորաբար կը պատահի, ծայր կու տար լքեալ տուներու թալանն ու կողոպուտը: Գաղտնիք չէ, որ այս աւարառութիւնը կը տեւէր շաբաթնե՜ր շարունակ, ու ատոր կը մասնակցէին բոլո՛ր կողմերէն ծանօթ-անծանօթ «հերոս»-ներ… (տե՛ս էջ 25, 58, 82):
Չոլաքեան կը բացատրէ, որ Քեսապի վրայ յարձակումը երբեք անակնկալ չէր: Ընդհակառակն, ատիկա սպասելի էր, որովհետեւ Իտլիպի եւ Լաթաքիոյ նահանգներուն գաւառային շրջաններուն մէջ ցուցական խմորումները լայն թափ ստացեր էին 2012-էն ի վեր, պարպուած կամ գրաւուած էին շրջակայքի քրիստոնէաբնակ գիւղերը, բնիկներուն փոխարէն` այնտեղ տեղաւորուեր էին գաղթականներ, ուստի` «Քեսապի շրջանին այլ ճակատագիր չէր վերապահուած» (էջ 45):
Որովհետեւ շա՛տ լաւ գիտէ պատմութիւնը, ուստի Չոլաքեան շարունակ յատկանշական դրուագներ կը պատմէ անցեալէն, 1909-ի եւ 1915-ի դէպքերէն` բաղդատելով զանոնք Քեսապի վերջին իրադարձութիւններուն հետ ու շեշտելով, որ պատմութիւնը կը կրկնուի նոյնութեամբ…
Եւ որովհետեւ Չոլաքեան գրագէտ է միաժամանակ ու գիւղի զաւակ, ուստի իր պատումները տեղ-տեղ կը զգենուն գրական երանգ: Օրինակ, Քեսապի ներխուժման երկրորդ օրը ան, կանգնած Գարատուրանի բարձունքին, կը դիտէ իր տունը շրջապատող ածուները ու կը խորհրդածէ վարպետ գիւղագիրի մը պէս.
– Գարատուրանը այդ ի՜նչ գեղեցիկ կ՛երեւէր այդ արեւոտ օրը: Լերան լանջերուն վրայ, հոս ու հոն բռնկեր էին շնճրգենի կոչուող ծառերը, մացառի թուփերը դեղին դմակով ոչխարներու պէս ցրուած էին ամբողջ Կիւնիկ լերան լանջին, տեղ-տեղ անտառային աքասիաները եկեղեցւոյ դուռը մինակուկ կանգնած հարսի պէս կ՛երեւէին: Ձորին մէջ ձմեռնային ջուրերու գետակը տակաւին կը խոխոջէր: Ցամաք տարի էր, բայց մարտի անձրեւները խեւուկները արթնցուցին: Ձմեռնային աղբիւրներուն մենք խեւուկ կ՛ըսենք:
Սոխի եւ սխտորի ածուները նոր քաղհաներ ու ջրեր էի: Փարթամօրէն կ՛աճէին: Բակլայի ածուն ծաղիկը թափեր էր ու ճկոյթի հասակով բակլաներ կ՛երեւէին: Սիսեռն ու ոլոռնը նոր-նոր կը ծլէին: Գետնախնձորի փոսիկները նոր ծլած կամ ծլելու վրայ էին, հողը ուռեր ու ճաքճքեր էր պտղաւոր կնոջ փորի պէս (էջ 68):
Ինչպէ՞ս կռնակ դարձնել սեփական հողին, թանկագին արտին, տունին, ու հեռանալ:
Գիւղացիներէն մին յամառօրէն կը պնդէր.
– Ես տեղէս չեմ շարժիր. ըլլալի՞ք բան է, որ մարդը ստիպեն իր տունէն ու տեղէն հեռանալու: Կեանք մը ամբողջ վաստկիր, տուն-տեղ շինէ, քեզի գան, ըսեն` ե՛լ, գնա՛… այսպէս բան կ՛ըլլա՞յ:
– Իսկ Չոլաքեան իր շրթունքը կրծոտելով կը գրէ.
– Այսքան ամօթ ես երբեք չեմ ունեցած, այսքան վարկաբեկիչ կացութիւն: Ինչպէ՜ս, ինչպէ՜ս կարելի էր այսքան կրաւորական ըլլալ, այսքան անհոգ, այսքան տխմար… (էջ 85):
* * *
Գրքոյկին վերջին էջերը կը վերաբերին Լաթաքիոյ: Հո՛ս է, որ ափ առաւ Քեսապի ամբողջ հայութիւնը` փախչելէ ետք իր բնօրրանէն:
Լաթաքիոյ հայոց Ս. Աստուածածին հնադարեան եկեղեցին ու Հոգետունը ապաստան տուին գաղթական բազմութիւններուն: Նպաստներ բաշխուեցան անոնց, օժանդակութիւններ կատարուեցան հայկական ու ոչ հայկական մարմիններու կողմէ: Ծովափի մեր այս փոքրաթիւ գաղութը զօրաշարժի ենթարկուեցաւ:
Գաղթականներու աչքին մէջ արցունք կար, անորոշութիւնն ու անզօրութեան զգացումը կը կրծէր զիրենք: Կը զայրանային, կը սպառնային, կը հայհոյէին: «Առիւծի պէս տապալիլը աւելի լաւ էր, քան` այս սպասումն ու մաշումը», կը խորհրդածէ հեղինակը:
«Ե՞րբ պիտի ազատագրուի Քեսապը»:
Ամէն մարդ ա՛յս հարցումին պատասխանն էր, որ կը փնտռէր: Որովհետեւ բոլորն ալ կը հաւատային, թէ` «մենք ուրիշ տեղ ապրիլ չենք կրնար, այս քարերէն բաժնուիլ չենք կրնար» (էջ 119):
Մինչ այդ Հոգետունի բակն ու հոն հաւաքուած երկու հազար հայերը յանկարծ կիզակէտը կը դառնային բերանացի մամուլին:
Չոլաքեան բացայայտ ու դառն հեգնանքով կը գրէ.
– Մետիան արդէն սկսեր է հրմշտուքի. թերթերու թղթակիցներ, լրատու գործակալութիւններ, տեսախցիկներ… Անշուշտ, պատասխանատուներ վերը` փակ դռներով դահլիճին մէջ, պիտի ըսեն իրենց խմբագրուած խօսքը, հարցազրոյցներ տան, տեղեկագիրներ յանձնեն…
Մետիան բակին մէջ պիտի փնտռէ հերոսներ, որոնք չեղան, արիւնալի պատմութիւններ, զորս ոչ ոք տեսաւ, թրքական բարբարոսութիւններ, որոնք չպատահեցան, զոհեր, որոնք չինկան… (էջ 115):
Քեսապի դէմ նիւթուած դաւադրութեան մասին Յակոբ Չոլաքեանի եզրակացութիւնը հետեւեալն է.
– Ասիկա շարունակուող Ցեղասպանութեան մէկ արարն է համասուրիական այս թոհուբոհին մէջ: Թուրքիոյ ծրագիրն է եւ իրագործումը: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն օգտուելով եւ Գերմանիոյ բացայայտ մեղսակցութեամբ, ան իրագործեց Մեծ եղեռնը: Մեծ բնաջնջումը: Զինադադարէն ետք օգտագործելով Ֆրանսայի որձեւէգ քաղաքականութիւնը` տուն վերադարձած վերապրողները վերստին պարպեց Կիլիկիայէն. ասիկա երկրորդ բնաջնջումն էր: 1939-ին, Բ. Համաշխարհային պատերազմի ահազանգին տակ, Ֆրանսան Թուրքիոյ ծախեց Ալեքսանտրեթի սանճագը, որուն բնակչութեան կարեւոր մէկ մասը տեղաբնիկ, ապա Կիլիկիոյ երկրորդ գաղթականութենէն ետք այնտեղ հաստատուած հայութիւնն էր: Անպատիժ մնացած ցեղասպանի ներկայութիւնը կը բաւէր, որ Ալեքսանտրեթն ալ պարպուի հայութենէն: Թուրքը ձեռքերը կրկին արիւնով լուալու պէտք չունէր այլեւս: Ասիկա երրորդ բնաջնջումն էր` մնացորդացին բնաջնջումը:… Ու հիմա, համաարաբական, ռուս-ուքրանական, Արեւմուտքի ու Ռուսիոյ միջեւ ստեղծուած այս թոհուբոհին մէջ այս անարիւն ցեղասպանութիւնը կատարեց` մաքրելով Սուրիոյ հիւսիսային տարածքի տեղաբնիկ հայերու վերջին պատառիկներն ալ… (էջ 117):
Բարեբախտաբար, սակայն, դաւադրութիւնը կէս ճամբան մնաց ու «հայերու վերջին պատառիկներ»-ը 15 յունիս 2014-էն ետք երամ առ երամ կրկին վերադարձան իրենց բնօրրանը: «Քեսապը ազատագրուած էր»…
* * *
Այո՛, քեսապցիք վերադարձան իրենց տուները: Ու հիմա մօտէն ու հեռուէն օժանդակութիւններ կը տեղան այնտեղ, որպէսզի ամոքուին վէրքերը, դարմանուին վնասները:
Քեսապցիք կը հաւատան արդէն, որ` «եթէ սանդը ձորը գլորուի, մէկ ձեռքով չի վերնար, չի դրուիր տեղը»: Աջակցութի՛ւն է հարկաւոր (գիրքին կողքը ա՛յդ գաղափարն է, որ կ՛արտայայտէ):
Կարդալէ ետք «Քեսապի երեք օրերը» (որ բոլորովին վերջերս անգլերէնի ալ թարգմանուեր է ամերիկաբնակ Երուանդ Գոչունեանի կողմէ ու հրատարակուեր), ես չէի կրնար չմտածել ամբողջ սուրիահայութեան եւ մասնաւորաբար հալէպահայութեան «օրեր»-ուն մասին…
Շուրջ չորս տարիէ կ՛ապրինք իսկական ողբերգութիւն մը:
Մեր աչքին առջեւ հսկայ ու շէն գաղութ մը կը մաշի, կը փճանայ, կը հիւծի արագօրէն, երկրին ընդհանուր քանդումին հետ զուգընթաց:
Սուրիա կոչուած այս սիրելի հողամասէն ի՜նչ արժէքներ կը փրթին ամէն օր ու կը չուեն դէպի օտար եւ անծանօթ վայրեր` այլեւս չհանդուրժելով տիրող քաոսին, անիշխանութեան, կենցաղային կեանքի բազմագլխանի չարաշահումներուն եւ մա՛նաւանդ ապագայ բարօր հեռանկարի չգոյութեան:
Կը լքեն երկիրը ու կ՛երթան խմբովին, ընտանեօք, մեծով-պզտիկով, հարիւր հազարներով, միլիոնով: Կը փախչին կրակէն, որ այլեւս կը լափլիզէ ամէն ինչ կատաղութեամբ եւ կուրօրէն, թացն ու չորը միասին: Եւ անշուշտ կը փախչին ո՛չ միայն հայեր, այլեւ` տեղածին բնիկ արաբներ, մանաւանդ զարգացած տարրերը` ճարտար ու անուանի վիրաբուժներ, երեւելի մտաւորականներ, համալսարանականներ, վիթխարի ներդրումներ կատարելու ատակ գործարարներ, ձեռներէց արհեստաւորներ, խոստումնալից ու տաքարիւն երիտասարդներ, հողը սիրող ու հայրենիքը պաշտող պարզ ու ազնիւ քաղաքացիներ` հայ կամ արաբ, քրիստոնեայ կամ մահմետական:
Եթէ Յակոբ Չոլաքեան գրեց «Քեսապի երեք օրերը», հապա ո՞վ պիտի գրէ սուրիահայութեան վէպը:
Վերյիշենք պահ մը, թէ ի՛նչ արիւնոտ դէպքերու եւ դիպաշարերու մէջէն անցաւ սուրիացի ազնիւ ժողովուրդը սա վերջին չորս-չորսուկէս տարիներու ընթացքին:
Հատորնե՜ր պէտք են` անոր անյատակ տառապանքը նկարագրելու համար: Ի՜նչ աւերներ, ի՜նչ կորուստներ, անվերականգնելի ի՜նչ փլուզումներ…
Այս լայն շրջանակին մէջ փոքր օղակ մըն ալ մե՛նք եղանք, սուրիահայերս:
Դեռ մինչեւ երէկ միշտ կը մտածէի, թէ հայերուս կորուստները (նիւթական ու մարդկային) բարեբախտաբար աւելի նուազ էին, քան` տեղացի մեր համերկրացիներուն կորուստները: Կ՛ուզէի տարհամոզուիլ, թէ Նախախնամութիւնը խնայեց ու դեռ ալ պիտի շարունակէ խնայել մեր բուռ մը ժողովուրդը, որ 100 տարի առաջ այս հիւրընկալ ափերը եկաւ ցնցոտիներով ու կամաց-կամաց շէնցուց իր տունն ու շրջապատը` արաբ ասպնջական ազգին դրացնութեամբ:
Իսկ այսօ՞ր…
Ա՛լ Նախախնամութիւնն ալ յուսախաբ ըրաւ մեզ:
Քեսապէն ետք դիպաշարը շարունակուեցաւ:
2014 յունիսի սկիզբը մեր աչքերուն առջեւ աւերակոյտի վերածուեցաւ ՆՈՐ ԳԻՒՂԸ: Շիջեցաւ համեստ, խոնարհ ու չարքաշ բազուկներու օրրանը` Նոր Գիւղը, որ բաբախող սի՛րտն էր հալէպահայութեան: Այնտեղի քանդումներուն լուսանկարներն անգամ սարսափեցուցին զիս…
Տասնամեակներու երկայնքին ի՜նչ ազգաշէն ծրագիրներ իրագործուեր էին Նոր Գիւղի մէջ: Որքա՜ն հպարտ էինք հոն գտնուող Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանով, Սահակեան ու Զաւարեան վարժարաններով, Ս. Օ. Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնով, նորայարդար Ազգ. պատսպարանով, «Գերմանիկ-Վասպուրական»-ի շքեղ ակումբով, «Տիգրիս» գրադարանով, ազգապատկան բազմայարկ շէնքերով, թաղերուն մէջ ճռուողող անհամար հայ աշակերտներով ու երեխաներով, իրենց աշխատատեղիները բանեցնող բազմահարիւր հայ արհեստաւորներով…
Իսկ հիմա՞: Նոր Գիւղը ուրուական քաղաքամաս մըն է: Ամէնուրեք ամայութի՜ւն, հայաթափո՜ւմ, յուսաբեկութի՜ւն, անորոշութի՜ւն…
Յետոյ` Ս. Քառասուն Մանկանց մայր տաճարին վէրքը, նորաշէն Ազգ. մատենադարանին քանդումը, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդաւոր հրկիզումը, Պոսթան Փաշայի Հայ ծերանոցին դատարկումն ու լքումը, Հայ կաթողիկէ համայնքին Թիլելի առաջնորդանիստ եկեղեցիին հրթիռակոծումը, Կիլիկեան վարժարանի շէնքերուն աւերը, Մխիթարեան վարժարանին կիսամեռ վիճակը, Ֆարհաթ հրապարակի հայ ոսկերիչներու շուկային չքացումը, հայաշատ Սիւլէյմանիէի ահաւոր աղէտը` ընթացիկ 2015 տարուան ապրիլի 10-ի ցայգալոյսին…
Դեռ չենք խօսիր Տէր Զօրի ռմբահարուած Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիին եւ յուշահամալիրին մասին…
Չենք խօսիր հայաթափուած ու կողոպտուած Եագուպիէին մասին (հրաշագործ Ս. Աննան, հաւանաբար, նստեր կու լայ…), Թել Ապիատէն, Ռագգայէն կամ Հասիչէէն մազապուրծ փրկուած մեր բեկորներուն մասին…
Չենք խօսիր մեր անհատական մեծղի ու անհաշուելի վնասներուն մասին` մոխիրի վերածուած հարիւրաւոր գործատեղիներ, քարուքանդ եղած գործարաններ, թալանուած վիթխարի պահեստանոցներ, անբնակելի դարձած բազում բնակարաններ, լքեալ կամ բռնագրաւեալ ամարանոցային ագարակներ, թիթեղակոյտի վերածուած ինքնաշարժներու շարքեր, մեր ընտանեկան յարկերէն ներս` ինկած սիւներ, տապալած ծառեր, ցրօ՛նք…
Մեզի համար անհասանելի դարձած են նո՛յնիսկ մեր համայնքային գերեզմանատուները. մեր մեռելները այլեւս կը թաղենք օտար-անծանօթ վայրերու մէջ…
Ո՞վ պիտի գրէ այս ողբերգութեանց մասին:
Անցեալները տեղ մը կը կարդայի, թէ արտասահմանի մէջ արաբերէն լեզուով երկու նոր վէպեր հրատարակուած էին` Սուրիոյ ժամանակակից ողբերգութիւնը իբրեւ մայր թեմա օգտագործելով: Այսինքն Սուրիոյ պատերազմը իր ցոլացումը գտած էր գեղարուեստական գրականութեան մէջ: Առաջին քայլ մըն էր ասիկա, որ վստահաբար պիտի շարունակուի յառաջիկայ տարիներուն եւս:
Իսկ հայե՞րս: Պիտի կարողանա՞նք գրել սուրիահայութեան այս մեծ ողբերգութեան ՎԷՊԸ, հայերէնով:
Դժբախտաբար վիպագիրներ չունինք…
Թերթերու մէջ, հոս-հոն, յաճախ երեւցան ու դեռ կ՛երեւին հրապարակագրական կամ օրագրային նշմարներ մեր դժխեմ առօրեայէն. երբեմն կ՛երեւին նաեւ քերթուածներ` նոյն սուրիական թեմային շուրջ: Բայց մեզի ՎԷ՛Պ պէտք է: Վէպ մը, որ անաչառ կերպով պատկերացնէ այս անօրինակ պատերազմին ԻՐԱԿԱՆ պատկերը ու ատոր ընկերային-հոգեբանական անդրադարձը` քաղաքացիին վրայ:
Տասնամեակներ առաջ, Բ. Աշխարհամարտի աւարտին, խորհրդահայ մեր գրողներէն շատեր (Սերօ Խանզադեան, Հրաչեայ Քոչար, Վախթանգ Անանեան եւ այլք) շատ ցնցիչ էջերով նկարագրեցին պատերազմը: Կը յիշեմ, որ վիպագիր Քրիստափոր Թափալցեան (1910-1967) գրեց ու հրատարակեց «Պատերազմ» խորագրով 4 հատորանի վիպաշարք մը, 2600 էջերով ու 10.000 տպաքանակով…
Մեր շուրջ պատահող իրադարձութիւնները ՇԱՏ ՄԵԾ են, իսկ մեր գրիչները` ՇԱՏ ԹՈՅԼ…
* * *
Եւրոպա ապրող երիտասարդ հայ մտաւորականէ մը անցեալները ստացայ ել-նամակ մը, որուն մէջ հարց կու տար ան ինծի, թէ ներկայիս ո՞ւր կը բնակիմ, ո՞ր երկրին քաղաքացին եմ:
Պատասխանեցի իրեն, որ Հալէպ ծնած եմ ու տակաւին ալ Հալէպ կ՛ապրիմ…
Շանթահարուած մարդու մը պէս փութով կրկի՛ն գրեց ինծի` ըսելով, թէ կատա՞կ կ՛ընեմ… Իրապէս Հալէպի դժոխքին մէ՞ջ կ՛ապրիմ:
Ինք, դատելով մամուլի մէջ երեւցած իմ յօդուածներէն (որոնք առաւելաբար կը շօշափեն մշակութային-պատմական նիւթեր), չէր հաւատար, թէ պատերազմական մթնոլորտի մէջ ապրող մէկը կրնայ հանգիստ հոգեվիճակով նստիլ ու գրական նիւթեր մշակել զարմանալի հետեւողականութեամբ…
Այո՛, իրաւունք ունէր մեր այս ընկերը:
Երբեմն ե՛ս իսկ ամօթապարտ կը զգամ ինքզինքս, երբ գրական-մշակութային ուսումնասիրութիւն մը կը ստորագրեմ մեր մամուլին մէջ, մինչ նո՛յն օրը շատ տխուր օր մը եղած կ՛ըլլայ մեր գաղութին համար, հոս-հոն հրասանդի արկեր տեղացած կ՛ըլլան հայաբնակ թաղերու վրայ, կամ անմեղ նահատակի մը յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի քիչ անդին գտնուող հայկական եկեղեցիի մը մէջ…
Բայց, սիրելինե՛ր, քանի՞ անգամ ու մինչեւ ե՞րբ պիտի խօսինք մեր ամէնօրեայ տառապանքներուն, զրկանքներուն կամ կորուստներուն մասին:
«Ձայն բարբառոյ յանապատի» ըսուած է Աւետարանին մէջ, տեղ մը:
Ես կրնա՞մ տասը օր անգամ մը աղաղակել, թէ դա՛րձեալ զրկուեր ենք ելեկտրական հոսանքէ ու մնացեր ենք համատարած խաւարի մէջ…
Կրնա՞մ յանկերգի վերածել ջուրի անվերջանալի տագնապը…
Կրնա՞մ ամէն օր յիշեցնել, թէ կ՛ապրինք մահուան շուքին ներքեւ…
Կրնա՞մ բացատրութիւններ տալ ձեզի, թէ ինչպիսի՛ արտասովոր պայմաններու մէջ գրի կ՛առնեմ իմ յօդուածները, կէս գիշերէն ժամեր անց անկողնէն ցատկելով ու համակարգիչին առջեւ նստելով` օգտուելու համար ելեկտրական հոսանքին «կէսգիշերային» անակնկալ այցելութենէն…
Կրնա՞մ ամէն օր պատմել Հալէպի մեր հայ (եւ արաբ) արհեստաւորներուն տառապանքը, քանի անոնք աւելի քան ԵՐԵՔ ՏԱՐԻԷ Ի ՎԵՐ փակած են իրենց գործատեղիները եւ` ապրուստի միջոցներէ զրկուած…
Կրնա՞մ…, կրնա՞մ…, կրնա՞մ…
Երեւութապէս կը փորձենք ցոյց տալ, թէ «տոկուն» ենք տակաւին, բնականոն կեանքի մը նախադրեալները ունի՛նք դեռ, մինչ իրականութիւնն այն է, որ ԱՆԲՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ մը քաշկռտելու դատապարտուած ենք` անհատաբար թէ հաւաքաբար…
Այո՛, ո՞վ պիտի գրէ սուրիահայութեան վէպը:
Հալէպ