Որքան տարօրինակ է, նոյնքան՝ անտրամաբանական երբ շրջանային աննախադէպ զարգացումներու սպառնալիքը լիբանանէն հեռացնելու փոխարէն, լիբանանեան քաղաքական կողմեր շահագրգրուած են երկիրը մխրճելու հետեւանքը անորոշ արկածախնդրութիւններու բաւիղը: Արհեստական պատճառաբանութիւններով նոր կառավարութեան կազմութիւնը ձգձգելով, խորհրդարանի նիստերը պոյքոթի ենթարկելով, կարծէք օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնները ինքնակոչ արձակուրդ մը յայտարարած ըլլային:
Խորհրդարանի լիագումար նիստը անգամ մը եւս առկախուեցաւ՝ մեծամասնութիւն չգոյանալու պատճառով: Խորհրդարանի անդամները անհամատեղելի կը գտնեն միեւնոյն երդիքի տակ հակադիր խմբաւորումներու ներկայութիւնը: Անամատեղելիութեան մասին արդարացումներ փնտռող մեր խորհրդարանակնները այդ զգացումները հաւանաբար մոռցան, երբ ամիս մը առաջ համախմբուեցան վերանորոգելու իրենց պաշտօնավարութեան ժամկէտը…: Այսօր ո՞վ է խօսողը մշակուելիք ընտրական նոր օրինագիծի մասին, երբ երկրին պարտքերը կը մօտենան վաթսուն միլիառ տոլարի սահմանները, սպառողական իրերու սակը մէկ տարուան ընթացքին արձանագրած է 28.5 առ հարիւրի յաւելում: Ո՞վ է մտածողը՝ քաղաքացիներու արդար իրաւունքներուն, կենցաղային նուազագոյն պայմաններ երաշխաւորող միջոցներու, երիտասարդութեան արտահոսքը կանխելու մասին…:
Տաք օրակարգեր կը սպասեն իրենց լուծումին: Քաղաքական, ապահովական, գաղթականաց, կենցաղային եւ ընկերային հարցեր կը հրմշտկեն զիրար: Ծովային սահմանագիծերու յստակացումը, վարչական նշանակումները, ելեկտրականութեան յաւելեալ ընդհատումները, աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարը, եւ այլ հարցեր: Ցաւալին այն է, որ լիբանանցի քաղաքական այրերէն աւելի՝ օտար պետութեանց ներկայացուցիչներ կ’արտայայտեն Լիբանանը շրջանային զարգացումներէն հեռու պահելու զգուշաւորութիւն: Անոնք է , որ յարատեւ կ’ահազանգեն խառնաշփոթ իրողութեան եւ մագլցումի հետեւանքներէն:
Մտահոգիչ այս իրավիճակը յաւելեալ մագլցումներէ խնայելու նախանձախնդրութեամբ, նախագահ Միշէլ Սըլէյման ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով կը փորձէ երկխօսութեան սեղանին շուրջ համախմբել քաղաքական կողմերը: Նախագահին համոզումով, միայն երկխօսութեան եւ փոխհասկացողութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ լուծել տարակարծութիւնները:
Ոչ ոք կը կասկածի հանրապետութեան նախագահին ողջախոհութեան եւ բարեմտութեան: Բայց արդեօ՞ք քաղաքական բոլոր ուժերը կը բաժնեն անոր մտահոգութիւնները: Արդեօ՞ք բոլորը մտահոգուած են Լիբանանի ճակատագրով: Քաղաքական հոսանքներու մեծամասնութիւնը, տեղական ու շրջանային զանազան պատճառներով, տարբեր տեսանկիւնէ կը դիտէ երկխօսութեան կոչերը: Ոմանք, քաղաքական որոշ իրողութեան մը թելադրութեան տակ, կատարուած կացութեան առջեւ կը փորձեն դնել իրենց ընդդիմախօսները: Ուրիշներ կը խօսին կարծէք երկխօսութեան նիստերը ըլլային աւարտած: Ուրիշներ նախապայմաններ կը ներկայացնեն, երաշխիք կը պահանջեն՝ մասնակցութեան եւ քննարկելիք օրակարգերու վերաբերեալ:
Կարելի է երկար վիճիլ երկխօսութեան նիստերու ընթացքին քննարկուելիք օրակարգերուն մասին, սակայն նախքան բիւզանդական վէճերու մէջ մխրճուիլը, լիբանանցիները իրենց բոլոր ստորոգելիներով պարտին զիրար համոզել, թէ Լիբանանի կայունութիւնը, անվտանգութիւնը, բարգաւաճումը, անոր գերիշխանութեան ու ժողովրդավար դրութեան պահպանումը ընդհանուր մտահոգութիւն է:
Մարոքէն մինչեւ Աֆղանիստան տեղի ունեցող քաղաքական, ապահովական զարգացումները, լիբանանցիներուն յուշած պիտի ըլլար, որ անհրաժեշտ է դուրս գալ եւ ձերբազատուիլ օտար պետութեանց ծրագիրներու գործակատարը դառնալու տխուր եւ քայքայիչ երեւոյթէն: Ցաւալի է խօսիլ այս մասին: Տակաւին քանի մը օր առաջ, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ, Նիւ Եորքի եւ Մոսկուայի մէջ համապատասխանաբար, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լավրով, լիբանանցիներուն անգամ մը եւս թելադրեցին վերադառնալ երկխօսութեան սեղան եւ հեռու մնալ շրջանային առանցքներէն: Ցաւալի է տեսնել, որ Լիբանանի քաղաքական այրերու մեծամասնութիւնը լիբանանեան հայրենիքի մէջ դարձած է այլոց շահերու պաշտպանը: Քիչերու մօտ միայն շօշափելի է հզօր ու գերիշխան պետականութիւն կերտելու ազգային առողջ գիտակցութիւն: Մեծամասնութիւնը, գիտակցաբար կամ՝ ոչ, երկիրը կը խրէ միջհամայնքային հակամարտութեանց գիրկը եւ խաւարի անդունդը:
Նախքան երկխօսութեան օրակարգերը ճշդելը կամ անոնց հերթականութեան դասաւորումը, նախագահ Միշէլ Սըլէյմանէն կ’ակնկալուի՝ հայրենիքին ծառայելու նոր ուխտի հրաւիրել գործող կառավարութեան եւ խորհրդարանի անդամները: Երկխօսութիւնը իր նպատակին պիտի ծառայէ այն պահուն, երբ բոլորին մտահոգութեան սեւեռակէտը դառնայ Լիբանանը: Երկխօսութիւնը կը դառնայ արդիւնաւէտ, երբ մասնակիցները ազգային, ընդհանրական շահերու մղումով, փոխադարձ զիջումներու կը դիմեն, յանուն՝ Լիբանանի ամբողջականութեան, անոր անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման: Վերջապէս, երկխօսութիւնը կը դառնայ արդիւնաւէտ, երբ հաւաքական քայլերով յառաջ կը մղուի որոշումներու գործադրութիւնը: Ի վերջոյ, երկխօսութիւնը պիտի վերականգնէ լիբանանեան հոսանքներու միջեւ կորսուած վստահութիւնը:
Երկխօսութենէն բացի այլընտրանք չունին լիբանանցիները: Երկխօսութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեամբ հրապարակէն կարելի պիտի ըլլայ հեռացնել տարբեր պատճառաբանութիւններու տակ օգտագործուող ապօրէն զէնքը, ինչպէս նաեւ գաղթակայաններէն դուրս գտնուող պաղեստինեան զէնքը: Փոխադարձ հասկացողութեամբ կարելի պիտի ըլլայ կասեցնել արմատական կազմակերպութիւններուն փոխանցուող տնտեսական եւ ռազմական օժանդակութիւնները: Փոխադարձ հասկացողութեամբ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն կարելի պիտի ըլլայ պահանջել Շեպաա Ագարակներէն իսրայէլեան զօրքերու հեռացումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ծովային հարստութիւններու պաշտպանութիւնը: Միայն փոխադարձ վստահութեան վերականգնումով, կառավարութիւնը լուծումներ պիտի յաջողի գտնել քաղաքացիներուն դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական ցաւերուն, համատարած գործազրկութեան, երիտասարդութեան եւ ուղեղներու արտագաղթին:
Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ ստեղծուած այսօրուան երկփեղկումը նպաստաւոր է բոլորին, բացի Լիբանանցիներուն: Որքա՞ն նախանձախնդիր ենք մենք Լիբանանի ճակատագիրով, յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ