Ուրուկուէյի հայկական կազմակերպութիւնները երկրի նախագահին խնդրած են ԱՄՆ-ի նախագահին ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիկային Սպիտակ տան մէջ պիտի ընդունի մայիս12-ին: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հայկական կազմակերպութիւններու յանձնաժողովը նամակ յղած է նախագահ Մուխիկային, որով ԱՄՆ կատարելիք պաշտօնական այցելութեան յաջողութիւն մաղթելով հանդերձ, կը խնդրէ Օպամային փոխանցել Ուրուկուէյի յստակ դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան: Նամակին մէջ նաեւ նշուած է, որ Ուրուկուէյի մէջ պիտի բացուի Հայոց ցեղասպանութեան պետական թանգարան:
Նամակը ստորագրած են Ուրուկուէյի հայկական բոլոր եկեղեցիներու, բոլոր կուսակցութիւններու եւ գրեթէ բոլոր հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչները:
Ուրուկուէյի նախագահի պալատէն հաղորդած են, որ Խոսէ Մուխիկան համաձայն է նամակի բովանդակութեան եւ խոստացած է այս թեմայով խօսիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ:
2010 թուականին Ուրուկուէյի նախագահն իր ձեռքով բացած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի խաչքարը, որ տարուած էր Հայաստանէն: