ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Այսօր, 3 Սեպտեմբեր 2021-ին, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնակին մէջ բանահիւսութեան բաժիններու կողմէ քննարկման դրուած էր Յասմիկ Գալուստեանի «Չար ոգիները հայ ժողովրդական զրոյցներուն մէջ» չափազանց հետաքրքրական ատենախօսութիւնը։
Այստեղ ես գայթակղութիւնը կ՛ունենամ ներկայացնելու Քեսապի հայոց զրոյցներուն մէջ հանդիպող չար ոգիները։ ԻՆՉՈ՛Ւ․ պարզ այն պատճառով, որ քեսապցի ընթերցողներէս մէկն ու մէկը մեծերէն կրնայ լսած ըլլալ ասոնց մասին կամ ուրիշ ոգիի մը մասին ու պատմէ մեզի զրոյց մը, գրէ ասոյթ մը, իր գիտցածն ու լսածը։
Շարքէն դուրս կը դնենք ՍԱՏԱՆԱՔ եւ ԱԺՏԱՀԱՔ անունով ոգիները։
1,- ԻՇՎՈՒՏ, նոյնն է Սուէտիոյ բարբառին մէջ։ Այլ շրջաններու մէջ ամենէն տարածուած տարբերակը ՇՈՒՈՏ բառն է։ Քեսապի մէջ խման, խժռող, շնացող, այլանդակ, հայհոյող մարդոց կ՛ըսեն ՝ «ընտըզ իշվուտ մի» (իշվուտի նման է): Իշվուտը իբրեւ ճիւաղ մը, հրէշ մը կամ իբրեւ գազանակերպ էակ մը կը պատկերացուի: Ըստ տարեց Ռահէլ Զահթէրեանի՝ իշվուտը այր մարդու այլանդակ կերպարանքով, խման ու շուայտ ոգի մըն է, որ կ’երեւի կիներուն՝ մառանէն դուրս ելած պահուն։
2․- ՊԼՏԸՐ ԱՃՈՒԶ. սա հոգէառ էակ մըն է, կամ՝ իբրեւ այդպիսին կը պատկերացուի: Ան յատկապէս Փետրուար, մասամբ նաեւ Մարտ ամիսներուն ծերերը կը հաւաքագրէ կը տանի: «Ուշադրութիւն ըրէ,- կ’ըսէին,- հիւանդ տարեցներուն,- չըլլայ Պլտըր Աճուզը գայ տանի քեզ»: Պլտըր Աճուզը կը վնասէ ախոռէն նոր դուրս դրուած ուլերուն, նորաբոյս արտերուն, գլխաւորաբար յանկարծահաս անձրեւի, կարկուտի, ցուրտի եւ հեղեղներու տեսքով: Բառը արաբերէն է. պարտ ուլ-աճուզ՝ պառաւի ցուրտը, որ աղաւաղուելով բարբառին մէջ եղած է պլտըր աճուզ: Կայ ուրիշ հաւատալիք մըն ալ, որ իբր գարնան տեղացող կարկուտը պառաւին թափող ակռաներն են. պարտ արաբերէն կը նշանակէ ցուրտ, իսկ պարատ՝ կարկուտ: Արաբները Փետրուարին վերջը տեղացող կարկուտին կ’ըսեն տըրս էլ աճուզ (պառաւին ակռաները):
3,- ՃԻՆԵՐԸ կամ ՄԵԶՄԷ ԼԱՒԵՐԸ. Քեսապի հայերը ճիներուն կու տան նաեւ «քանըզմի աղուրնէն» (մեզմէ լաւերը) անունը․ ասիկա չարին ուշադրութիւնը մարդոց վրայ չհրաւիրելու միտում ունի, ինչպէս որ խոռոչի մը մէջ ծուարած օձը տեսնողը օգնութիւն կանչելու համար կ’ըսէ՝ “հոս երկայն տղայ կայ”, իբր թէ օձ բառը արտասանելուդ պէս օձը կը սողայ կը փախչի: Ճիներուն մասին բազմաթիւ զրոյցներ կը պատմուին։
4․- ՄԱՔՐԻ ՊԱՌԱՒ (Մէքրը պառուօվ)․ ուշ ժամերուն թաղերէն դուրս յամեցող փոքրիկները կը վախցնէին ըսելով. «Աղէյը Մէքրը պառուօվը չիլուօվ չառուօվ ըզձի» (Լաւ որ Մաքրի պառաւը չելաւ ու չառաւ ձեզ). կը հանդիպի խիտ անտառներու արահետներուն մէջ։ Մանուկներ գողցող կանացի տիպար է:
5․- ՇԱՐԱԴԷԴ․ կը պատկերացուի իբրեւ կիներու մէջ ապրող ոգի. բամբասող, զրպարտիչ, չարախօս եւ անիծող կիներուն համար կ’ըսեն «Շարադիէդը հա ծառէ զը» (Շարադէդը կ’ապրեցնէ զինք)։ Համոզում կայ, որ շարադէդը թաղային թոնիրներուն մէջ կ’ապրիէ կիներուն մէջ մտնելէ առաջ:
6,- ՀՈՒՊՊԱՊԱԹ․ կը պատկերացուի իբրեւ այլանդակ, կանացի առասպելական արարած, որով կը վախցնեն փոքրիկները: Ապան գլխուն նետած, կուրծքերը կախ, երկար կօշիկով կանացի ոգի մը, որ շատ պզտիկներ հաւաքած է:
Կայ մանկական խաղերգ․
Հուպպապաթ, հուպպապաթ, Հուպպապաթ, հուպպապաթ,
Հուն զապպադ, հէգի զչագմադ, Հանէ ապադ, հագիր մոյկդ,
Հուպպապաթէն չուճուքնէն, Հուպպապաթին ձագերը
Զալէյը կիրուն մուճուկնէն: Մոծակները կերան բոլորը: