Իմ հայրենիքէս
մի բուռ
հող մնաց,
Մասիս Սիփանէն
Արագած մնաց,
ծովից–ծով երկրէս
լոկ Սեւան մնաց,
արնոտ ԵՂԵՌՆԷՆ
սեւ յուշեր մնաց,
մինչ արար աշխարհ՝
համր ու կոյր մնաց։
Աքսորի ճամբուն
սարսափած որբեր,
դէպ‘ երկինք հասնող
սոսկումի ողբեր,
արիւնո՜վ հարբած
թուրքը կը պղծէր
գեղանի կոյսեր
պատուաւոր մայրեր,
սփռելով չորսդին՝
խոշտանքուած…..
դիակներ։
Գրող՝ Յարութ Չէրչեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան