Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ճոն Քերրի եօթ օրերու ընթացքին երկրորդ այցելութիւնը կատարեց Իսրայէլ եւ Պաղեստին: Քերրի քանի մը անգամ շեշտեց,թէ Ուաշինկթըն ամբողջական եւ մնայուն խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կ’աշխատի գոյացնել կողմերուն միջեւ վերջ դնելու 65-ամեայ հակամարտութեան: Ժամանակը հասած է, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ, ՄԱԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնը վերցնեն մարտահրաւէրներու ձեռնոցը եւ Իսրայէլին պարտադրեն անխուսափելի իրականութիւնը: Պաղեստինցիները պիտի ապրին 1967-ի սահմաններով ծանօթ իրենց հայրենիքին մէջ՝ Արեւելեան Երուսաղէմը ունենալով իբրեւ մայրաքաղաք: Մինչեւ ե՞րբ Ներկայացուցիչներու Տունը եւ Ծերակոյտը արհեստական խոչընդոտներ պիտի ստեղծեն Իսրայէլ-Պաղեստին կողք-կողքի՝ դրացի պետութիւններու ընտրանքին առջեւ: Տակաւին ոչ շատ հեռու անցեալին, 2002-ին, Պէյրութի մէջ կայացած Արաբական Լիկայի գերաստիճանի մասնակից քսաներկու պետութիւններ՝ կողք-կողքի դրացի պետութիւններու ընտրանքին փոխարէն՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու յանձնառութիւն մը ստանձնեցին եբրայական պետութեան հետ: Անոնք միաժամանակ երաշխիքներ խոստացան Իսրայէլի անվտանգութեան մտահոգութիւններուն:
Համայն աշխարհ այս օրերուն կը հետեւի պաղեստինցի ժողովուրդին յուսահատ քայլերուն: Իսրայէլ կը շարունակէ բռնագրաւեալ հողերուն վրայ բնակութեան միաւորներ կառուցելու ծրագիրները: Կազա կը մնայ ծովային, ցամաքային շրջափակումի տակ: Մենք, համեստ մահկանացումներս, կը մոռնանք Կազայի շրջափակումը ջնջելու մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի մէջ քուէարկուած թիւ 1860 բանաձեւը, որ միաժամանակ կը պահանջէ վերաբանալ Կազա տանող ցամաքային սահմանագիծերը: Բանաձեւը կը թելադրէ ժամանակակից նաւահանգիստով մը օժտել Կազան եւ վերաբանալ Կազայի օդակայանը:
Սիոնական հովանաւորութիւնը վայելող միջազգային քարոզչութիւնը քար լռութիւն պահած է այս բանաձեւին շուրջ: Ինչո՞ւ լռութիւն կը պահէ Ուաշինկթընի պետական քարտուղարը ՄԱԿ-ի թիւ 1860 բանաձեւի գործադրութեան առնչութեամբ: Ինչո՞ւ լուռ են ՄԱԿ-ը, միջազգային ընտանիքը: Չի բաւեր միայն պաշարումը ջնջելու օդային պղպջակներ արձակել աջ եւ ձախ: Անհրաժեշտ է պատժամիջոցներու դիմել: Ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան պատգամաբեր Ուաշինկթընը ինչո՞ւ պաղեստինցի ժողովուրդին արդար իրաւունքները կը տարանջատէ իր դաւանած եւ հետապնդած բարոյական չափանիշներէն…: Միջազգային օրէնսդրութիւնը մնայուն խախտող իսրայէլեան կամայականութիւններուն հանդէպ խօլ ականջ ձեւանալու, բացայայտ կեղծիքն ու երկակի չափանիշներու դրսեւորումը, ինքնաբերաբար պիտի խորացնէ արաբական աշխարհի մէջ Ուաշինկթընի դէմ ատելութիւնը: Անոնք առաւել բեւեռացումի պիտի մղեն պաղեստինեան դատը արեւմուտքին դէմ իբրեւ պայքարի թէզ շահագործող արմատական կազմակերպութիւններու քայլերը: Պաղեստինցիները ինչպէ՞ս վստահին նախագահ Օպամային երբ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ դեսպաններ «Վեթօ» կ’օգտագործեն Արեւմտեան Ափին մէջ իսրայէլեան բնակութեան ծրագիրները դատապարտող բանաձեւերուն դէմ: Ուրիշ իրողութիւն մը, իւրաքանչիւր անգամ, որ նախագահ Պարաք Օպամա պաղեսիտնցիներուն նպաստաւոր կեցուածք կ’արտայայտէ, Ներկայացուցիչներու Տունը եւ Ծերակոյտը անոր հակոտնեայ հրթիռ մը կ’արձագանեն…:
Ճոն Քերրի որքան ալ վճռական ըլլայ լուծում գտնելու իր ցանկութիւններուն մէջ, Ուաշինկթըն տնտեսական սպառնալիքներու զէնքը կ՛օգտագործէ Պաղեստինեան իշխանութեան դէմ, որպէսզի վերջինս հրաժարի յատկապէս տունդարձի իրաւունքէն եւ մասամբ անտեսէ բնակութեան ծրագիրները: Ուաշինկթըն նաեւ կ’արգիլէ ՄԱԿ-ի մօտ պաղեստինեան պետականութեան ճանաչումը: Սպիտակ Տունը Ապպասը կը ճնշէ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան: Անցնող տարիներուն պաղեստինցիները տեղի տուած են իսրայէլեան գրեթէ բոլոր պահանջներուն: Հակառակ այս պատրաստակամութեան, անոնք ձեռնունայն դուրս ելած են բանակցութեանց սեղաններէն:
Ներկայիս, վարչապետ Նեթանիահու կը մերժէ 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան պետութեան մը յայտարարութիւնը: Միւս կողմէ,ան կը խոստանայ ետդարձ չկատարել բնակութեան ծրագիրներէն: Նեթանիահու ոչ մէկ շահագրգռութիւն կը ցուցաբերէ՝ հողի փոխարէն խաղաղութիւն հաւասարակաշռութիւնը իրագործելու ուղղութեամբ: Անոր պատկերացումով՝ պաղեստինեան որեւէ պետութիւն, մէկ քանի թաղամասերու տարածութիւն կրնայ ունենալ, ապազինեալ եւ տնտեսապէս կախեալ Իսրայէլէն…:
Մենք զմեզ չխաբենք: Իսրայէլապաղեստինեան բանակցութիւններու վերսկսումը, պաղեստինցիներէն յաւելեալ զիջումներ կորզելու խեղկատակութիւն մը պիտի ըլլայ պարզապէս: Ուրիշ ոչինչ: Տակաւին ի՞նչ եւ որքան զիջումներ կրնան կատարել պաղեստինցիները: Փաստօրէն անոնք լքուած են ամայութեան մէջ: Ստիպողութեան տակ անոնց կը համոզեն համաձայնութիւն կնքել Միջին Արեւելքի Հրէշին հետ:
Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական Միութիւն, Արաբական Լիկա եւ Ռուսիա հրաւիրուած են լուծումի տարազ մը մշակելու իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան: Մինչեւ եր՞բ ոտնակոխել պաղեստինցի ժողովուրդին արդար իրաւունքները: Մինչեւ եր՞բ միջազգային օրէնսդրութիւնը պիտի կաղայ սիոնական պետութեան սադրանքներուն առջեւ: Միչեւ եր՞բ Իսրայէլ պիտի վայելէ մասնայատուկ պետութեան կարգավիճակ՝ միջազգային ընտանիքը անզօր պիտի դիմելու ՄԱԿ-ի Եօթներորդ Ուխտի յօդուածներուն: Այս մէկը միասնականութիւն կ՛ենթադրէ միջազգային ընտանիքէն: Միայն այս պարագային լուծում կարելի պիտի ըլլայ գտնել պաղեստինցիներու երկարամեայ ողբերգութեան եւ արաբիսրայէլեան հակամարտութեան:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ