Ամերիկացի դիւանագէտ մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պիտի պահպանէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն պատճառով Թուրքիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:
Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփ դեկտեմբեր 2020-ին Թուրքիոյ պաշտպանական գնումներով զբաղող գործակալութեան դէմ սահմանափակող միջոցներ հաստատեց, երբ Անգարա սկսաւ «Էս-400»-ներ փորձարկել: