ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին կազմակերպած Արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակի նախաձեռնութիւններու շարքը Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 21 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին սկսաւ արցախեան առօրեան ներկայացնող լուսանկարներու եւ Սէյրան Խաթլամաճեանի` նահատակ հերոսներու դիմանկարներու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեամբ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի, պետական նախարար Վրէժ Սապունճեանի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովրդային բազմութեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքը ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին անունով արտասանեց Աշոտ Բագրատունի, որ նշեց, թէ Արցախեան ազատագրական պայքարի հերոսները իրենց արեամբ եւ քրտինքով փրկեցին Արցախը եւ կը հսկեն հայրենիքին վրայ:
Բագրատունի ըսաւ, որ բառերն ու նոյնիսկ լուսանկարները բաւարար չեն ներկայացնելու Արցախի ամբողջական էութիւնն ու պատկերը, սակայն ցուցադրուած լուսանկարները մօտիկութիւն ստեղծելու, արցախեան կանչերը լսելու եւ կարօտ արտայայտելու միջոցներ են: Ան յայտնեց, որ 25-ամեակը պայքարի ուխտի վերանորոգման առիթ է` հաւատարիմ մնալու պայքարի արժէքներուն:
Ապա Տիգրան Ճինպաշեան Սէյրան Խաթլամաճեանի` նահատակ հերոսներու դիմանկարներուն մասին փոխանցեց տեղեկութիւններ: Ան ըսաւ, որ հանգուցեալ գեղանկարիչը 1968-ին անդամ դարձած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան եւ Հայաստանի մէջ ռահվիրան է հայրենի բնութեան տիպական գիծերը ընդհանրացնող խորհրդանշական բնոյթի բնապատկերներու վերացական գեղանկարչութեան:
Ճինպաշեան աւելցուց, որ Խաթլամաճեանի ցուցադրուած 37 հերոսներու դիմանկարները կ՛ուրուագծեն Գետաշէնի գրաւումէն մինչեւ Շուշիի ազատագրումը երկարող մօտ մէկ տարուան ուղին: Ան աւելցուց, որ գեղանկարիչը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին տարբեր ձեւերով պայքարած է Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան համար:
Տիգրան Ճինպաշեան հաստատեց, որ երբ կռիւ կայ, ապա հայ ժողովուրդի զաւակները կ՛արձագանգեն եւ չեն սակարկեր իրենց կեանքը, որուն ապացոյցն է Արցախեան ազատագրական պայքարը, որուն յաղթանակը կը պարտինք բոլոր հերոսներուն:
Աւարտին, իր սրտի խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ շեշտեց, թէ արցախեան յաղթանակը համազօր է սխրագործութեան, որ տարիներու «լռութենէն» ետք հայութեան վերադարձուց յաղթանակ կերտելու ոգին եւ հաւատքը:
Գեղամ արք. Խաչերեան հաստատեց, որ Արցախը նոր սերունդին համար ոգեւորող ու հոգեփոխութեան շարժառիթ հանդիսացաւ եւ հայութեան տուաւ իր ճակատագիրը իր ձեռքերով կերտելու խիզախութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ ՀՅԴ քարոզչական մարմնի կազմակերպած նախաձեռնութիւնները իրենց բնոյթով գնահատելի են եւ քաջալերական:
Յայտնենք, որ արցախեան առօրեան ներկայացնող լուսանկարներու 22 հեղինակներն են Աբիկ Աբրահամեան, Զաւէն Ղարիպեան, Հուրի Գալայճեան, Փաթիլ Եսայեան, Արամ Սոմունճեան, Մարլեն Տանակէօզեան, Լեւոն Թաշճեան, Նժդեհ Մկրտիչեան, Սարգիս Հալլաճեան, Արմէն Ճենտերեճեան, Մովսէս Տէր Գէորգեան, Սանահին Թորոս, Արշօ Պալեան, Արթիւր Վարդանեան, Գառնիկ Փանոսեան, Պերճ Թորոս, Ծովիկ Թորիկեան, Կատար Թասլաքեան, Սիրուն Բարսեղեան, Վանա Աֆարեան, Կարին Պօղոսեան եւ Հռիփ Խարտալեան: Լուսանկարները կը ներկայացնեն Արցախի բնութիւնը, դիմանկարներ, գիւղական տեսարանները, առօրեան եւ ընկերային-տնտեսական վիճակը:
Ցուցահանդէսը նաեւ պիտի շարունակուի այսօր, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00: