Պատ. Սեւակ Թրաշեան, ծնած է Պէյրութ 1978-ին Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Սիրվարդ Թրաշեաններու յարկին տակ: Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Խանամիրեան Վարժարանէն ներս: Դպրոցէն աւարտելէն անմիջապէս ետք կ’որոշէ նուիրուիլ Աստուծոյ եւ եկեղեցիին, եւ այս պատահական բան չէր, նկատի առած իր բարեպաշտ ու հաւատացեալ ծնողքին տուած հոգեւոր առաջնորդութիւնն ու կրթութիւնը: Ան՝ իր Աստուածաբանական ուսման իբր նախապատրաստութիւն, կ’ընտրէ Կրթութիւնը (Education) իբրեւ բարձրագոյն ուսման ճիւղ եւ 2002 թուականին Հայկազեան Համալսարանէն կը վկայուի Պսակաւոր Արուեստից վկայականով: Ան կը շարունակէ իր ուսումը Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն ներս եւ 2006 թուականին կը ստանայ Աստուածաբանութեան Մագիստրոս տիտղոսը: Մինչ, ան, այս հանգրուանին՝ եւ ՄԱՀԱԵ Միութեան համաժողովի որոշումով կը ստանայ քարոզութեան արտօնութիւնը եւ անմիջապէս կը նետուի ծառայութեան, ան բնաւ չի դադրիր ինքնազարգացումէ: Ան՝ ոչ միայն կը շարունակէ կարդալ ու սերտել այլ, վերջին չորս տարիներուն (եւ իր զանազան ծառայութիւններուն կողքին) կը շարունակէ իր ուսումը հետեւելով Աստուածաբանական ճեմարանի STM ծրագիրին –որուն բոլոր նիւթերը կ’ամբողջացնէ յաջողութեամբ:
Անդրադառնալով Պատ. Սեւակ Թրաշեանի հովուական ծառայութեան, անոր առաջինը կարծէք կ’ըլլայ իր ծառայութեան պատրաստութեան փորձաքարը, ոչ պարզապէս որովհետեւ անոր առաջինն էր ու ան «անփորձ» էր, բայց որովհետեւ Քեսապի մէջ (հոն ուր ինք առաքուած էր) աննախատեսուածը կը պատահի եւ ան՝ պատերազմական ծանր պայմաններու տակ Աստուծոյ վստահելով ու մեծ արիութեամբ իր վրայ կ’առնէ՝ իրեն յանձնուած հօտին, հոգեւոր ու ընկերային առաջնորդութիւնը –բառացիօրէն ան կ’առաջնորդէ ժողովուրդը վտանգէ դէպի ապահով ափեր, դէպի Լաթաքիա: 2014-ի աւարտին, ան կը հրաւիրուի հովուելու Պէյրութի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցին, եւ հաւատարմութեամբ կը կատարէ իրեն յանձնուածը եւ շատ աւելին:
Իր հովուական ծառայութեան 14 համեմատաբար կարճ բայց բեղուն տարիներուն ան քարոզեց Աստուծոյ Խօսքը մեծ նախանձախնդրութեամբ, միշտ հաւատարիմ մնալով Տէր Յիսուսի Աւետարանին: Ան նաեւ ապրեցաւ իր քարոզածը եւ եղաւ շատերու փոքր կամ մեծ եղբայրը, ընկերը, ուսուցիչը… մխիթարեց, զօրակցեցաւ, քաջալերեց… եւ այս բոլորը ըրաւ մեծ նուիրումով ու միշտ անշահախնդրօրէն:
Հովուական իր ծառայութեան տարիներուն եւ իր ծառայութեան կողքին ան ստանձնեց զանազան պաշտօններ ու պարտականութիւններ, որոնցմէ կը յիշենք.-
- ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական Մարմինի ատենադպիր
- Ք. Ջ. Գործադիր Մարմինի ատենապետ
- Հայ Աւետ. Կրթական Խորհուրդի անդամ
- Lebanese Evangelical Society-ի վարչութեան անդամ
- Պուրճ Համուտի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի հոգաբարձու
Անողոք մահը շատ կանուխ ու անակնկալ կերպով զինք մեզմէ խլեց 3 Հոկտ. 2020-ին երբ ան իր աչքերը այս կեանքին յաւէտ փակեց եւ ձգեց բաց մը, նախ՝ իր մօր եւ հարազատներուն սրտին ու կեանքին մէջ, եւ ապա ՄԱՀԱԵ Միութեան ու անոր պատկան եկեղեցիներուն ու կառոյցներուն մէջ:
Բոլորս զինք միշտ պիտի յիշենք Աստուծոյ փառք տալով իր ապրած կեանքին ու բարի վկայութեան համար: Պատ. Սեւակ Թրաշեանը, Աստուծոյ հաւատարիմ, անկեղծ, պարկեշտ, նուիրուած ու քաջարի ծառան էր, եւ կը հաւատանք որ ինք ներկայիս կը վայելէ իր երկնաւոր Հօր փառաւոր ներկայութիւնը որ զինք ընդունեց մեծ ժպիտով ու բարձրաձայն յայտարարելով.-
«Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ, դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (Մատթ. 25.23):