ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, միջազգային հեղինակաւոր իրաւապաշտպան Human Rights Watch կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կենդրոնական Ասիոյ փոխտնօրէն Ռէյչըլ Տենպըր շեշտեց, թէ Ատրպէյճանի միջազգային գործընկերները պէտք է լուրջ ճնշումներ բանեցնեն այդ երկրին վրայ, որպէսզի վերջինս պատասխանատուութեան ենթարկէ այն անձերը, որոնք դաժանօրէն կը վերաբերին եւ կը խոշտանգեն Արցախի վերջին պատերազմին ընթացքին գերի բռնուած հայ զինուորները եւ քաղաքացիները:
Կազմակեպութիւնը քանի մը օր առաջ այս մասին հրապարակեց զեկուցում մը՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է լրջօրէն հետաքննեն դաժան վերաբերմունքի մասին բոլոր պնդումները եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկեն՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճան նաեւ պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ մնացած բոլոր ռազմագերիները եւ քաղաքայինները ։
Տենպըր շեշտեց, թէ բաւարար տեղեկութիւն չունի Պաքուի կողմէ պահուող հայ գերիներու թիւին մասին։