ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա ներկայիս իր ջանքերը կեդրոնացուցած է այն ձեւաչափերուն վրայ, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ իրական արդիւնք կ՛ապահովեն:
Ըստ անոր՝ այս ծիրին մէջ կ՛իյնան Մոսկուայի, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բարձր մակարդակի եռակողմ համաձայնութիւնները:
«Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ կը շարունակեն մնալ սկզբունքային տարակարծութիւններ Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ: Մենք կը նկատենք մեր դերակատարութիւնը կողմերու մերձեցման մէջ», նշեց ան:
Զախարովա յայտարարեց, որ Երեւանին եւ Պաքուին խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստութեան մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելով՝ ռուսական կողմը կ՛առաջնորդուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման հիմնարար սկզբունքներու վերաբերեալ առաջարկներով: «Անոնք պատրաստուած են Պաքուի մէջ եւ կառուցողական արձագանգ ստացած Երեւանէն: Մենք կը կարծենք, թէ անոնք լաւ հիմք են դիրքորոշումները ներդաշնակ դարձնելու համար», յայտնեց ան:
Զախարովա նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներուն համանախագահութեամբ երթեւեկի ապաշրջափակման հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբի նիստը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային: Ան նշեց, որ Ռուսիա հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու լուծման գործընթացի յառաջ մղելուն հիմք կը նկատէ բարձր մակարդակի եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները եւ կը շարունակէ աշխոյժ աշխատանքը՝ Երեւանի եւ Պաքուի հետ բոլոր ուղղութիւններով, որոնց կարգին՝ տնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափուկումը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացի գործարկումը եւ խաղաղ պայմանագիրի համաձայնեցումը: