«Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Նազիկ Հանէշեան հարցազրոյց մը ունեցաւ հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ Արցախի իրաւունքներու պաշտպան պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի հետ։
Քոքս յայտնեց, որ Նոյեմբերին Արցախ կատարած այցելութեան ընթացքին ականատես եղաւ նոր ցեղասպանութեան մը հետեւանքներուն։ Ան վկայակոչեց Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յանցագործութիւնները՝ պատերազմի ընթացքին մարդկային իրաւունքներու խախտման դէպքերը եւ եկեղեցիներու, դպրոցներու ու հիւանդանոցներու վրայ գործադրուած վայրագութիւնները ու խժդժութիւնները։
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած արցախեան տարածքներու հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ճակատագրին՝ Քոքս նշեց, որ բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ խաչքարեր այսօր կը գտնուին Նախիջեւանի Հին Ջուղայի խաչքարերու ճակատագիրին ենթարկուելու սպառնալիքին տակ։
Ան խստօրէն դատապարտեց ռազմագերիներուն հանդէպ ատրպէյճանական կողմի անմարդկային վերաբերմունքի դէպքերը եւ քննադատեց նաեւ միջազգային մամուլին կողմնակալութիւնը ի նպաստ Ատրպէյճանի եւ կոչ ուղղեց Հայկական Սփիւռքին, որ այդ կողմնակալ քարոզարշաւը դիմակայելու պարտաւորութիւնը ստանձնէ։
Ան յայտնեց, որ աշխարհը այսօր երախտագիտութիւն պարտական է հայ ժողովուրդին ՝ հաւատքի ու ազատութեան առաջնագիծը պահելուն համար։
Նշենք, որ Արցախի առաջին պատերազմին ընթացքին Քոքս նիւթական եւ բարոյական անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերած էր շրջափակման մէջ գտնուող արցախահայութեան։ Հրադադարէն ետք, իր գործօն աջակցութեամբ Ստեփանակերտի մէջ հիմնուած է ողնաշարի վնասուածքով հիւանդներու համար վերականգնողական բուժարան մը։