ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան, խախտելով միջազգային իրաւունքի արժեչափերը՝ կը շարունակէ հայ պատերազմական գերիներուն նկատմամբ ապօրինի դատական հոլովոյթները:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ աւարտած է Հայաստանի երկու քաղաքացիներու՝ Իշխան Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Ռաֆայէլեանի, դէմ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը: Քրէական գործի նիւթերը ուղարկուած են Գանձակի ծանր յանցագործութիւններու դատարան:
Հայաստանի երկու քաղաքացիներուն մեղադրանք ներկայացուած է Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 214.2.3 յօդուածով (ահաբեկչութիւն, որ կատարուած է զէնքի եւ իբրեւ զէնք կիրարկուող առարկաներու օգտագործումով):