Մանկութեան դասընկերներէս մին, որուն հետ միեւնոյն շէնքին տարբեր յարկերուն վրայ ապրելու բախտաւորութիւնը կը վայելէինք, յաճախ կը կրկնէր, թէ ինք Պէպօ Քեռի մը ունէր: Ուրախութիւնը կը համակէր մեզ, երբ լսէինք, թէ Պէպօ քեռին Սամի Կարոյին գրախանութը պիտի հանդիպէր…: Մենք եւս՝ ես ու եղբայրս, տակաւին հազիւ հինգ կամ՝ վեց տարեկան, պատշգամէն պահակ կեցած, կը սպասէինք մեր ընկերոջը Պէպօ Քեռիին: Ոչ տեսած էինք զինք եւ ոչ՝ ալ կը ճանչնայինք: Բաւարար էր, որ մեր ընկերոջ քեռին ըլլար ան: Յանկարծ, ընկերս վերի յարկի պատշգամէն կը պոռար՝ կու գայ, կու գայ…: Պէպօ Քեռին կու գար…: Սեւ ակնոցներով ժպտադէմ երիտասարդ մը: Ո՜հ ինչպիսի հրճուանք … Պէպօ Քեռին կ’այցելէր Սամի Կարոյին: Քամուած կը սպասէինք գրախանութէն անոր դուրս գալը, որպէսզի «երթաս բարով» մը ըսէինք: Ի վերջոյ, մեր ալ Պէպօ քեռին էր ան: Այդպէս էին օրերը: Անկեղծութիւնը եւ սրտակցութիւնը սովորական երեւոյթներ էին մարդոց մեծամասնութեան համար: Դրացին շատ յաճախ, աւելի հարազատ էր քան՝ հարազատը…: Այդպէս, մեր տան պատշգամէն սկսաւ Պէպօ քեռիին հետ մեր ծանօթութիւնը..:
Տարիներ անցան, ընտանեկան յարկի տակ յաճախ կը լսէի բանաստեղծ , մտաւորական Պէպօ Սիմոնեանի գրական վաստակին մասին: Ի վերջոյ, Մեր Պէպօ քեռին էր ան:
Ճակատագիրի բերումով, Հայաստանէն վերադարձայ եւ «Արարատ» պաշտօնաթերթին մէջ սկսայ առաջին քայլերուս: Քաղաքական եւ ապահովական պայմաններու բերումով, «Արարատ»ի տպարանը փոխադրուած էր Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի գետնայարկը: Յուրախութիւն ինծի՝ Պէպօ Սիմոնեանը Գոլէճի տնօրէնն էր: Պէպօ քեռին դարձաւ ընկեր Պէպօ:
Ամենօրեայ մեր ծանօթութիւնը վերածուեցաւ սերտ բարեկամութեան: Ընկեր Պէպօն լոկ ընկեր մը չէր ինծի համար,այլ՝ հոգատար: Հետեւողականօրէն եւ ուշադիր, մի առ մի կը կարդար եւ կ’ուղղէր գրութիւններս, ցուցմունքներ կու տար, թելադրութիւնները ու նկատողութիւնները կը կատարէր այնքան նուրբ եւ ազնիւ…: Գործակցութիւնը անոր հետ հաճոյք էր: Բարեկամներուս հպարտութեամբ կ’արտայայտուէի Պէպօ Սիմոնեան պարկեշտ, պարտաճանաչ մարդուն եւ մտաւորականին արժանիքները: Պէպօ Սիմոնեանը ընդունած էի իբրեւ հոգեւոր հայրս: Շատեր կը ծիծաղէին ….: Չեմ գիտեր ին՞չն էր ծիծաղելին, երիտասարդ սերունդին քաջալեր հանդիսանալու, զանոնք գաղափարական մաքուր աւիւնով դաստիարակելու անոր նախանձախնդրութիւ՞նը, շրջահայեաց ու բանիմաց մարդուն արժանիքներ՞ը, անկեղծութիւն՞ս, թէ՞ իրենց…: Մեր գործակցութիւնը չէր սահմանափակուէր մամուլով: Այն տարիներուն երբ կը գլխաւորէի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը: Ընկեր Պէպօ Սիմոնեանը դարձեալ իմ կողքիս էր: Հաճոյք էր լսել զինք, օգտուիլ անոր հարուստ փորձառութենէն: Ընկեր Պէպօն իմ հպարտութիւնս դարձած էր եւ կուսակցական խղճի մտատիպարս: Նախախնամութիւնը մեզ բախտակից դարձուց նաեւ այլ պատճառներով. երկուքս ալ գրեթէ նոյն պայմաններու տակ հեռացանք կուսակցական կեանքէն՝ ինք Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէնութենէն, ես՝ «Արարատ»էն: Հնչակեան մտաւորականի ճակատագիր…: Կեանքը շարունակուեցաւ սակայն:
Պէպօ Սիմոնեանը չէր պատկաներ միայն Հնչակեան Կուսակցութեան: Բոլորանուէր իր աշխատանքով, ան կը վայելէր հայ համայնքի բոլոր շրջանակներուն յարգանքը: Մինչեւ իր մահուան օրը հաւատարիմ մնաց ազգային ծառայութեան իր համոզումներուն: Մաս կազմեց ազգային, մշակութային համագաղութային տարբեր մարմիններու եւ յանձնախումբերու: Արժանացաւ, անխտիր, բոլորին յարգանքին: Իր երկարամեայ ծառայութիւններուն համար պարգեւատրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ կրթական նախարարութեան շքանշաններով: Մեր շրջանակին պերճանքն էր ընկեր Պէպօն:
Այսօր, դիմագիրքի ընդմէջէն կ’իմանամ ընկեր Պէպօ Սիմոնեան մարդուն, մտաւորականին, բանաստեղծին, ընտանիքի հօր, գաղափարական ընկերոջ մահուան գոյժը: Կորուստներ կան, որոնք անդարմանելի բաց մը կը ձգեն իրենց ետին: Կորուստներ կան,որոնք դուրս կ’իյնան ընտանիքի, գաղափարական պատկանելիութեան սահմաններէն: Ընկեր Պէպօ Սիմոնեանը Լիբանանահայութեան կորուստն է:
Յարգանք անոր յիշատակին:
Ահարոն Շխրտըմեան