Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, թէ շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի Ֆիթրի տօնին առիով` Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին, պաղեստինեան ինթիֆատային նեցուկ կանգնելուն, ինչպէս նաեւ Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները դատապարտելուն եւ նահատակուած պաղեստինցիներու ընտանիքներուն զօրակցելուն համար:
Պըրրի շնորհաւորեց լիբանանցիները` կոչ ուղղելով, որ միասնականացնեն իրենց տեսակէտներն ու ազգային անկեղծ ջանքերը` փրկելու Լիբանանը, ինչպէս նաեւ զօրակցին պաղեստինցի ժողովուրդին, իրականացնելու՝ յաղթանակի, ազատագրումի եւ մայրաքաղաք Երուսաղէմով Պաղեստին մը հիմնելու անոր փափաքը: