Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորել երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի ելեւմտական փլուզման եզրին` աւելցնելով, որ կարելի չէ սպասել զայն փրկելու համար:
«Լիբանան կարիքը ունի ղեկավարութեան` դիմագրաւելու համար իր տագնապները: Մենք կը յորդորենք լիբանանեան իշխանութիւններուն` կազմել երկրին նոր կառավարութիւնը», շեշտեց Պորել: