22 մայիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը, որուն մասին նոյն օրն իսկ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան:
Նիկոլ Փաշինեանի, Շարլ Միշելի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցաւ առանձին հանդիպում մը` Փաշինեանի եւ Միշելի միջեւ: Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն հաղորդեցին, որ զրուցակիցները անդրադարձան նոյն օրն իսկ նախատեսուած եռակողմանի հանդիպումին` կարեւոր նկատելով երկխօսութեան շարունակականութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդասիրական խնդիրներն ու ընդգծեց անոնց լուծման անհրաժեշտութիւնը:
Ն. Փաշինեան եւ Շարլ Միշել միտքեր փոխանակեցին նախորդ տարուան 14 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերեալ` յոյս յայտնելով, որ եռակողմանի բանակցութիւնները կ՛ըլլան արդիւնաւէտ, ինչ որ պիտի նպաստէ կայունութեան ու խնդիրներու համապարփակ լուծման:
Անոնք քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի օրակարգին վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս` Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի համար յայտարարուած 2,6 միլիառ եւրոյի տնտեսական եւ ներդրումային ծրարի իրականացման ընթացքը: