Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը շաբաթ, 21 մայիս 2022-ի երեկոյեան «Պիել»-ի մէջ կազմակերպեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր արձանագրած յաղթանակին նուիրուած ժողովրդային փառատօն մը` «Հոս էինք եւ մնացինք» կարգախօսով:
Փառատօնին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական Երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Այս առիթով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ի նպաստ կամ իրենց դէմ քուէարկած են` հաստատելով, որ իրենք բոլորին համար կ՛աշխատին:
Ան նշեց, որ Ժեզզինի համար նեղուած է, որովհետեւ անոր ներկայացուցչութիւնը գողցուած է իրենցմէ, «սակայն Ժեզզին կը մնայ աունականներուն ամրոցը», ըսաւ ան:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ իրենք երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները վիճարկումի պիտի ենթարկեն` աւելցնելով, որ ներկայիս իրենց համախմբումը 21 երեսփոխան կը հաշուէ, սակայն վիճարկելէ ետք ընտրութիւններուն արդիւնքները, այդ թիւը պիտի հասնի 23-ի:
«Իրականութիւնը այն է, որ մենք ենք խորհրդարանի մեծագոյն համախմբումը: Մենք չենք նեղուիր, եթէ նաեւ ամէնէն փոքր պլոքը ըլլանք, թող մեծագոյնը ինք գործէ եւ պատասխանատուութիւն ստանձնէ», նշեց Պասիլ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ իրենք յաղթած են իրենց վարկանշային քուէներով եւ առանց զօրակցութեան, իսկ ո՛վ որ կը խօսի վարկանշային քուէի մասին, ապա ան պէտք է ստանայ վարկանշային գումարի պատասխանը:
Ան շեշտեց, որ ոմանք հաստատած են, որ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելէ ետք ամերիկեան տոլարին սակը պիտի նուազի, «բայց եւ այնպէս բարբանջելով հանդերձ իրենց յաղթանակին մասին, տոլարին սակը օրըստօրէ կը բարձրանայ», նշեց ան:
Պասիլ կոչ ուղղեց աւարտելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջ տալու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն պաշտպանելու քաղաքականութեան:
Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խանգարելու յստակ ուղղուածութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ այդ քայլը կ՛առնուի Թաէֆի համաձայնագիրը ձախողեցնելու միտումով: Պասիլ նկատել տուաւ, որ իրենք կը փափաքին ունենալ վարչապետ մը, որ իր համայնքին զօրակցութիւնը կը վայելէ եւ ոչ թէ արտաքին աշխարհին:
Ան կոչ ուղղեց ներքին լիբանանեան երկխօսութիւն մը կատարելու, նախքան` արտաքին խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը, քննարկելու համար պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը, սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութիւնն ու Իսրայէլի հետ ծովային սահմանագծումի հարցը:
Այս շրջագիծին մէջ ան դիտել տուաւ, որ առանց Կանայէն արտահանուելիք բնական կազին, անկարելի է խօսիլ Քարիշի կազին մասին:
Պասիլ յայտնեց, որ սիւննի համայնքին երկփեղկումը վտանգաւոր է եւ ապառողջ` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են ամբողջութեամբ ջնջելու համայնքային դրութիւնը, սակայն քաջ գիտեն, թէ ներկայիս այդ քայլին դիմելու յարմար պահը չէ տակաւին: