Մինչ ամերիկեան տոլարին սակը կը սաւառնի եւ անոր դիմաց լիբանանեան դրամանիշը աւելի եւս կ՛արժեզրկուի, երկրին գործադիր իշխանութիւնը արդէն իսկ մուտք կը գործէ ընթացիկ աշխատանքները կատարելու իր դերակատարութեան մէջ:
Շաբաթ գիշեր նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նոր խորհրդարանի ընտրութեամբ, կառավարութիւնը հրաժարած կը նկատուի եւ կը գործէ իբրեւ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին ու նախարարներուն եւ անոնցմէ պահանջեց պաշտօնակատարի իրենց դերակատարութիւնը կատարել, մինչեւ նոր կառավարութեան նշանակումը:
Մինչ այդ նորընտիր խորհրդարանի նստաշրջանը սկսաւ երէկ` կիրակի, 22 մայիս 2022-ին, իսկ խորհրդարանը այս թուականէն սկսեալ 15 օրուան ժամանակ ունի` ընտրելու խորհրդարանի նախագահը:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահի ընտրութիւնը կրնայ ըլլալ առաջին մարտահրաւէրը, որ երկիրը պիտի դիմագրաւէ` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանը կազմող երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ այս իմաստով կայ տարակարծութիւն:
Սկսելու համար տարակարծութիւն կայ, որովհետեւ խորհրդարանի նախագահի թեկնածուն Նեպիհ Պըրրին է` խորհրդարանի ներկայ նախագահը. անոր թեկնածութիւնը պաշտօնապէս առաջադրուեցաւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքին կողմէ:
Պլոքը մաղթեց, որ բոլորը զօրակցին Պըրրիի թեկնածութեան եւ աշխատին անոր հետ:
Մինչդեռ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահած Հզօր հանրապետութիւն համախմբումն ու փոփոխութեան ներկայացուցիչները նկատուող նորընտիր երեսփոխանները կտրականապէս մերժեցին Պըրրիի թեկնածութիւնը:
Իր կարգին, Թրիփոլիի երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆի, որ այցելած էր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, հաստատեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն զօրակցիլ նախկին իշխանութեան համակարգը ներկայացնող անձնաւորութեան մը: «Մենք կը զօրակցինք փոփոխութիւնն ու գերիշխանութիւնը ներկայացնող ուժի թեկնածուին, ո՛վ որ ալ ըլլայ ան», հաստատեց Ռիֆի:
Ժահժահ նշեց, որ Պըրրին չեն կրնար ընտրել, որովհետեւ ան հակառակորդ քաղաքական ուժերը կը ներկայացնէ` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին տեսնել խորհրդարանի մեծամասնութիւնը ներկայացնող աշխուժ եւ գործունեայ կառավարութիւն մը: