Նախանցեալ օր ուշ գիշերին, վառելանիւթին տրամադրուած նպաստը դադրեցնելու Կեդրոնական դրամատան որոշումը, Լիբանանի կարգ մը շրջաններու մէջ ճամբաներ փակելու եւ բողոքի արտայայտութիւններու պատճառ դարձաւ:
Այս որոշումին լոյսին տակ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն հրաւիրեց նախագահական պալատ:
Կէսօրին նախագահական պալատին մէջ գումարուեցաւ նիստ մը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարի, Ռիատ Սալամէի, նախագահ Աունի խորհրդական Սելիմ Ժրայսաթիի եւ նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյրի:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ այս որոշումը պիտի ունենայ ընկերային եւ տնտեսական վտանգաւոր հետեւանքներ, որոնք կրնան իրենց ազդեցութիւնը ունենալ բոլոր մարզերուն վրայ, յատկապէս քաղաքացիին ապրուստին եւ ամէնօրեայ կարիքներուն վրայ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը նախանցեալ օրուան իր նիստին ընթացքին վառելանիւթի նպաստը վերցնելու իմաստով ոչ մէկ որոշում տուաւ` աւելցնելով, որ նման որոշում արդէն իսկ անոր իրաւասութիւններուն մէջ չ՛իյնար:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատունը պէտք է կառչած մնայ կառավարութեան տուած այն արտակարգ հաւանութիւններուն, որ վառելանիւթին տրամադրուելիք նպաստին համար պահ դրուած գումարը օգտագործէ` 3900 ամերիկեան տոլարի սակով:
Ան Ռեմոն Ղաժարէն պահանջեց շուկային մէջ բաժնուած վառելանիւթի քանակը հակակշռել, որպէսզի վառելանիւթի սակը չբարձրանայ սեւ շուկային մէջ եւ չարաշահում չկատարուի:
Սալամէ իր կարգին կառչած մնաց այն կեցուածքին, որ ինք նպաստը կասեցնելու որոշումը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ այն ժամանակ միայն, երբ խորհրդարանը օրինական կերպով արտօնութիւն կու տայ իրեն` պահ դրուած գումարը օգտագործելու:
Կեդրոնական դրամատունը հրապարակեց նաեւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ անհրաժեշտ է ապրանքներուն նպաստ տրամադրելու փոխարէն ուղղակիօրէն քաղաքացիին նիւթական նպաստ տրամադրել:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատունը միայն յուլիս ամսուան ընթացքին 800 միլիոն տոլարի նպաստ տրամադրած է, սակայն շուկային մէջ տակաւին վառելանիւթ չկայ:
Պաապտայէն մեկնումի պահուն կարգ մը երիտասարդներ հաւկիթներ նետեցին Սալամէն փոխադրող ինքնաշարժներու շքախումբին վրայ:
Իսկ երեկոյեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետեւորդներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Ռիատ Սալամէի բնակարանին դիմաց` մերժելով վառելանիւթին տրամադրուած պետական նպաստը ջնջելու անոր որոշումը:
Նաւթի ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կարգին երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ շուկային մէջ վառելանիւթը պէտք է վաճառուի անցեալ չորեքշաբթի օր Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին հիման վրայ. այսինքն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 77.500 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինի թիթեղը` 79.700 լ. ոսկի, մազութը` 58.500 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազի շիշը` 58.800 լ. ոսկի:
Նաւթ ներածող ընկերութիւններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ժորժ Ֆայեատ շեշտեց, որ իրենք դժուար կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուին, որովհետեւ Կեդրոնական դրամատան որոշումէն ետք իրենց թելադրուած է վառելանիւթը նոր սակով վաճառել, մինչդեռ կառավարութիւնը կը պնդէ, որ վառելանիւթի վաճառքը հին սակերուն հիման վրայ պէտք է կատարուի:
Ֆայեատ մաղթեց, որ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյանայ, որպէսզի իրենք ալ իմանան, թէ ի՛նչ սակի հիման վրայ պէտք է վառելանիւթը վաճառուի:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին Նաւթ ներածող ընկերութիւնները յայտնեցին, որ կայարաններուն վառելանիւթ պիտի չտրամադրեն, մինչեւ որ վառելանիւթի սակը վերջնականացուի:
Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ նախարարական յանձնախումբ մը արտակարգ նիստի հրաւիրեց` հաստատելով, որ Կեդրոնական դրամատան որոշումը օրինազանցութիւն կը նկատուի:
Տիապ, որ հեռակայ կարգով նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստին, շեշտեց, որ ինք կը մերժէ ժողովուրդին տրամադրուած պետական նպաստը կասեցնել, նախքան` քաղաքացիներուն հատուցման ընծայումը կամ նպաստին հասցէագրումը:
Տիապ շեշտեց, որ Սալամէ ինքնագլուխ որոշում տուած է` նպաստը դադրեցնելու առումով, եւ բոլորս պէտք է աշխատինք անոր գործելիք վնասները մեղմացնելու: Ան նշեց, որ Լիբանանը նման վտանգաւոր հետեւանքներ չի կրնար հանդուրժել` հաստատելով, որ անիկա իր հետեւանքները պիտի ունենայ քաղաքացիին օրուան հացին, առողջութեան եւ տնտեսութեան վրայ:
Նիստէն ետք ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլա շեշտեց վառելանիւթի նպաստը շարունակելու կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը, ապա այդ նպաստին հասցէագրումը` հատուցման քարտը վերջնականապէս որդեգրելէ ետք:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անմիջական մամլոյ ասուլիսով մը հակազդեց Սալամէի որոշումին` շեշտելով ժողովուրդին դէմ գործուելիք հաւաքական սպանդը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան շեշտեց, որ Ռիատ Սալամէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչն է եւ ոչ թէ լիբանանեան հանրապետութեան:
Ան նկատել տուաւ, որ նախանցեալ գիշեր տրուած Սալամէի անակնկալ որոշումը ոճրային է եւ երկիրը պայթեցնելու համազօր:
Պասիլ ընդգծեց, որ ոմանք կը փորձեն հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ դրական մթնոլորտը խանգարել:
Նշենք, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը հաստատեց, որ վառելանիւթին տրամադրուած նիւթական նպաստը դադրեցնելու Ռիատ Սալամէի որոշումը մերժելի է:
Իսկ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն շարժելու` մերժելու համար վառելանիւթին տրամադրուած նպաստը կասեցնելու ոճրային այս որոշումը:
Պէտք է աւելցնել, որ ամբողջ օրուան ընթացքին վառելանիւթի նպաստին կասեցումին պատճառով լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ փակուեցան փողոցներ ու մայրուղիներ` բարկութեամբ լեցուած ցուցարարներու կողմէ:
Այդ շրջաններէն էին Փալմայի մայրուղին, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Տուհուր Ապատիէի ճամբան` երկու ուղղութեամբ, Սայտայի, Սուրի եւ Ղազիէի ճամբաները, Ժիէի մայրուղին, Ժնահը, Թաալպայան, Ուզահին, Հալպան, Ապտէի ծովային ճամբան, Շուէյֆաթը, Ժալ էլ Տիպի ու Զուքի մայրուղիները: