ՌԻՎԸՐՍԱՅՏ, Քալիֆորնիա.- Հետեւելով Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի, Ըրվայնի, Պըրքլիի եւ Տէյվիսի մասնաճիւղերու օրինակին՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ռիվըրսայտի մասնաճիւղի ուսանողական կառավարութիւնը Չորեքշաբթի, Մայիս 13ի երեկոյեան, միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որուն շնորհիւ համալսարանը ետ պիտի քաշէ Թուրքիոյ մէջ իր ներդրումներն ու պարտամուրհակները, որոնց արժէքը մօտաւորապէս 73 միլիոն տոլար է:
Մայիս 13ի ժողովին մասնակցած են համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան անդամներ եւ շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ՝ շեշտելով նման բանաձեւ մը վաւերացնելու կարեւորութիւնը: Հայ ուսանողական միութեան անդամ Պետրոս Քէօսոյեան նշած է, որ նման քայլ մը պիտի դադրեցնէ համալսարանին նեցուկ կանգնիլը մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներով յայտնի եւ Ցեղասպանութիւնը ուրացող երկրի մը իշխանութեանց։
Բանաձեւին մէջ կը դատապարտուին Թուրքիոյ իշխանութեանց իրագործած ոճիրները, յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու անոր ուրացման շարունակութիւնը:
Բանաձեւի վաւերացումը ապահովելու արշաւը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ մէջ ներդրումները ետ քաշելու կամ հոն ներդրումներ կատարելու ուղղութեամբ տարհամոզելու ընդհանուր արշաւին՝ «#DivestTurkey» խորագիրին տակ, որուն նախաձեռնած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը (ՀԵԴն):
Արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել [email protected] հասցէին: