Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտի յայտնեց, որ ինք ուշադրութեամբ կը հետեւի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ հոգեւորականներու պատգամներուն:
Ռուշտի ընդգծեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումը լաւ ընթացած է` աւելցնելով, որ քննարկած են երկրին դիմագրաւած քաղաքական, ընկերային եւ ելեւմտական տագնապը, ինչպէս նաեւ բաժնած են իրենց մտահոգութիւններն ու շեշտած լուծումներ գտնելու կարեւորութիւնը:
«Հանդիպումին ընթացքին քննարկեցինք նաեւ Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպելու Ռայի պատրիարքին պահանջը, որուն առումով պատրիարքին յայտնեցի, թէ նման խորհրդաժողով կարելի չէ կազմակերպել միայն անոր կամքով, այլ` լիբանանեան ներքին եւ միջազգային հաւանութեամբ», շեշտեց Ռուշտի:
Ան աւելցուց, որ միջազգային խորհրդաժողով պահանջող կողմերը սովորաբար յստակ ծրագիրներ կ՛ունենան` նշելով, որ Ռայի պատրիարքը ունի իր տեսակէտը եւ վստահեցուցած է, որ այս իմաստով ներքին լիբանանեան երկխօսութիւն պիտի կատարուի:
«ՄԱԿ-ը չի կրնար փոխարինել լիբանանեան պետութիւնը կամ քաղաքական ուժերը: Մենք կը յարգենք Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ համոզուած ենք, որ լուծումը Լիբանանի կառավարութեան կազմութեամբ է եւ ոչ թէ քաղաքացիական ընկերութեամբ: Այս պատճառով ալ քանիցս պահանջեցինք անյապաղ կազմել Լիբանանի կառավարութիւնը», ըսաւ Ռուշտի: