Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրի ստորագրման 25-ամեակին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորապէս կը նշուի.
«Այսօր կ՛ամբողջանայ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրի ստորագրման 25-ամեակը. համաձայնագիր, որ մեծապէս որոշած է մեր միջպետական յարաբերութիւններու սկզբունքներն ու առաջնահերթութիւնները:
«Փաստաթուղթը կարեւոր փուլ դարձած է երկկողմանի գործընկերութիւնը իսկական դաշինքի մակարդակին հասցնելու ճամբուն վրայ:
«Երկկողմանի ներուժի ձեւաւորման համար վճռորոշ նշանակութիւն ունին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարութիւններուն միջեւ վստահութեան վրայ հիմնուած կանոնաւոր հաղորդակցութիւնները, որոնք կարելիութիւն կու տան ո՛չ միայն լուծելու հրատապ խնդիրները, այլ նաեւ համակարգել դիրքորոշումները շրջանային եւ միջազգային հիմնական խնդիրներու վերաբերեալ:
«19-20 ապրիլ 2022-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ղեկավարի Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վ. Վ. Փութինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն. Վ. Փաշինեանի միացեալ յայտարարութիւնը կը հաստատէ 1997 թուականի համաձայնագիրով ամրագրուած սկզբունքներով միջպետական յարաբերութիւնները համակողմանիօրէն խորացնելու եւ ընդլայնելու մտադրութիւնը:
«Մենք վճռական պիտի շարունակենք առանցքային դաշնակիցի դիրքերէն օգնել Երեւանին իր պաշտպանունակութեան եւ սահմանային անվտանգութեան ամրապնդման եւ դրացիներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ: Մենք համոզուած ենք, որ շրջանին մէջ կայունութեան ուղին կ՛անցնի 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ համաձայնագիրներու խստիւ պահպանումով: Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան ապահովման հիմնական գործօնը:
«Մենք անկեղծօրէն կը գնահատենք մեր բարեկամութիւնը եղբայրական Հայաստանի հետ եւ վճռական ենք աւելի ամրապնդելու ռուս-հայկական դաշինքը` յանուն մեր երկիրներու ու ժողովուրդներու բարգաւաճման»: