Ռուսիան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս յայտարարութիւնը կատարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին:
«Կազմակերպուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը: Պարոն նախարարը կ՛երեւի պիտի պատմէ այդ մասին: Մենք կ՛ողջունենք երկու դրացի երկիրներուն միջեւ երկկողմանի կապերու կարգաւորման ընթացքը», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը: