ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա, շաբաթական հեռավար ճեպազրոյցին ընթացքին պատասխանեց Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին այն հարցումին, թէ պաշտօնական Մոսկուան ի՞նչպէս կը վերաբերի ատրպէյճանական-թրքական սադրիչ զօրավարժութիւններուն եւ արդեօք անոնք չե՞ն խոչընդոտեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ջանքերուն։ Զախարովա առանց մանրամասնութիւններ տալու յայտնեց, որ Ռուսիա Պաքուին փոխանցած է իր դիրքորոշումը Լաչինի մէջ 6 Սեպտեմբերին մեկնարկած ատրպէյճանական-թրքական միացեալ զօրավարժութիւններուն վերաբերեալ: «Նկատի ունենալով, որ այդ դիրքորոշումը ըմբռնումով ընդունուեցաւ Ատրպէյճանցի գործընկերներուն կողմէ` ձեռնպահ կը մնամ հրապարակային մեկնաբանութիւններէ», ըսաւ Զախարովա` աւելցնելով, որ ռուսական կողմը մնայուն կապի մէջ է ատրպէյճացի պաշտօնակիցներուն հետ:
Հայ լրագրող մը յայտնեց, թէ Սիւնիքի Կապան-Գորիս միջպետական ճամբու խնդրայարոյց հատուածներուն մէջ տիրող իրավիճակը, որոնց կարգին՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հատուածներուն մէջ, ատրպէյճանցիներուն կողմէ իրանեան բեռնատարները ստուգելը եւ անոնց վարորդներէն գումար գանձելը անգամ մը եւս կը վերահաստատեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման ու սահմանազատման աշխատանքներուն սկսելու անհրաժեշտութիւնը, ապա ան հարցուց, թէ ի՛նչ է Մոսկուայի դիրքորո՞ւմը այս ուղղութեամբ:
Մոսկուա ուշադրութեամբ կը հետեւի հայ-ատրպէյճանական սահմանի առանձին հատուածներուն մէջ տիրող իրավիճակին, պատասխանեց Զախարովա՝ աւելցնելով. «Այս գծով Ռուսիոյ առաջարկները փոխանցուած են թէ՛ Պաքուին, թէ՛ Երեւանին: Մենք կ՛ակնկալենք, որ շուտով կը ստանանք պատասխան` հետագայ ընթացքը ձեւաւորելու նպատակով: Զուգահեռաբար կը շարունակենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ համատեղ ջանքեր գործադրել տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ` բարձրագոյն մակարդակով 9 Նոյեմբեր 2020ին եւ 11 Յունուար 2021ին ձեռք բերուած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն»: