ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին այցելեց նախկին նախագահ, 1 Մարտի գործով ամբաստանեալ Ռոպերթ Քոչարեանին:
Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիկտոր Սողոմոնեան այս մասին տեղեկացնելով՝ մերժեց որեւէ այլ մանրամասնութիւն տալ հանդիպման մասին: