Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի եւ Սան Փեթերսպուրկի մէջ սկսան Հայոց Ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի միջոցառումները: Մոսկուայի Թարաս Շեւչենքոյի անուան շրջանին մէջ, Կիրակի օր տեղի ունեցաւ բողոքի հաւաք: Հաւաքին մասնակիցները դատապարտեցին Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութիւնը: Երեքշաբթի օր, Նիքիթսքի դարպասներու պուրակին մէջ՝ «Միասնական Խաչ»ի մօտ, յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Իսկ Ապրիլ 24-ին, Մոսկուայի հայկական տաճարին խաչքարին մօտ պիտի կատարուի ծաղիկներու զետեղման եւ յիշատակի արարողութիւն: Նոյն օրը բողոքի ցոյց տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մօտ թրքական դեսպանատան առջեւ:
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիղատակի միջոցառումներ սկսած են նաեւ Սան Փեթըրսպուրկի մէջ: Ապրիլ 24-ի օրը , բողոքի հաւաք տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Եքաթերինա եկեղեցւոյ մօտ՝ «Արցունքներու Յաղթանակ» խորագիրով, իսկ Սմոլնի տաճարին մէջ պիտի մատուցուի համերգ՝ նուիրուած 1915 թուականի զոհերուն: